ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Մէկ օր առաջ, բարեկամ քոնկրէսականի մը փորձագէտ օգնականը, ուսումնասիրելէ ետք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու միտող զոյգ արձանագրութիւնները (Protocols)՝ հետեւեալ կարծիքը յայտնեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակին.
«Այս Արձանագրութիւններով այն ինչ որ Հայաստան կը զիջի, շօշափելի է եւ այժմէականօրէն գործադրելի, մինչ Թուրքիոյ տուածը՝ ապագայական է եւ կրնայ կիրարկուիլ կամ չկիրարկուիլ»:
Այս բնութագրումը լաւագոյն կերպով կը նկարագրէ էութիւնն ու նպատակը առաջադրուած կրկնակ արձանագրութիւններուն, որոնք յառաջիկայ վեց շաբաթներուն Հայաստանի ու Թուրքիոյ մէջ պիտի քննարկուին եւ ապա ենթարկուին օրէնսդրական վաւերացումի: Պէտք է յուսալ, որ թէ՛ մեր ժողովուրդը եւ թէ հայրենի իշխանութիւնները պիտի կարենան ընկալել ամերիկեան Քոնկրէսի փորձագէտին այս բնորոշումը, որ ինքստինքեան կը յուշէ, թէ վտանգաւոր եւ անիրապաշտ ուղիներու վրայ խարսխուած են այսպէս կոչուած՝ արձանագրութիւնները:
Այդքան ալ դժուար չէ մատնացոյց ընել սոյն վտանգաւոր եւ անիրապաշտ ուղիները: Սկսինք սկիզբէն.
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման մէջ Հայաստանի միակ եւ անմիջական նպատակն է սահմաններու բացումը՝ Թուրքիոյ կողմէ: Այս նպատակին իրագործումը Հայաստանին պարտադրելի դարձաւ մանաւանդ անցեալ տարուան Ռուսիա-Վրաստան պատերազմէն ետք, երբ Վրաստանի անկայուն վիճակը պարբերական անելներու մատնեց Հայաստանի ներածումներուն եւ արտածումներուն շուրջ եօթանասուն տոկոսը:
Հայաստանի հետ սահմանի բացումը Թուրքիոյ համար կախեալ է երեք նպատակներէ: Առաջին, 1920էն ի վեր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկախ մնացած սահմանագծումը վերջնականապէս ու օրինականօրէն հաստատել ներկայիս գոյութիւն ունեցող սահմանային կարգավիճակով: Երկրորդ, վերջ դնել Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին եւ անոր առնչակից հողային ու նիւթական հատուցման պահանջքին, որ ինքնաբերաբար խնդրական կը դարձնէ ներկայ սահմանագիծը ամրագրելու թրքական առաջին նպատակը: Երրորդ, վերացնել Լեռնային Ղարաբաղի Անկախ հանրապետութիւնը եւ անոր հողատարածքը ենթարկել Ատրպէյճանի գերիշխանութեան:
Հայաստանի միակ նպատակը, որ անմիջականօրէն կիրարկելի պէտք է ըլլայ, զուտ տնտեսական հիմքեր ունի: Սահմանը կիսով արդէն բաց է, քանի որ Հայաստան չէ փակած իր կողմի տարածքը: Թուրքիան, որ 1993էն ասդին փակ կը պահէ իր կողմը, բարիդրացիական պարտաւորութիւնը ունի անմիջապէս բանալու իր սահմանը:
Թուրքիոյ եռեակ նպատակները, որոնք անմիջականօրէն կարելի չէ կիրարկել, զուտ հողային են: Իսկ հողային հարցերը, ինչպէս սովոր է միջազգային դիւանագիտական աշխատանքներուն, երկարաշունչ բանակցութիւններ կը պահանջեն:
Հրամցուած զոյգ արձանագրութիւնները, ըստ ձեւի եւ ըստ էութեան, գլխիվայր կը շրջեն երկու երկիրներու նպատակային առաջադրանքները: Հոն տեղ գտած տրամադրութիւնները անմիջականօրէն կիրարկելի կը դարձնեն ներկայ սահմանագծային կարգավիճակի նուիրականացման եւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրական հետապնդման կասեցման թրքական առաջին եւ երկրորդ նպատակները: (Իսկ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող երրորդ նպատակին գծով, յատկանշական է արձանագրութիւններու ստորագրումէն քանի մը ժամ ետք Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի այն պնդումը, թէ՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ Թուրքիա պիտի պաշտպանէ Ատրպէյճանի շահերը):
Միւս կողմէ, նոյն տրամադրութիւնները առկախ հանգամանք տուած են սահմանի բացման Հայաստանի տնտեսական նպատակին, որ իրականութեան մէջ պէտք է անմիջապէս կիրարկելի դառնալու պայման ստանայ: Աւելին, սահմանի բացման այս առկախ վիճակը մինչեւ իսկ անկիրարկելի հանգամանք ստացաւ, երբ պրն. Տաւութօղլու իր վերոնշեալ պնդումին մէջ նաեւ յայտնեց, թէ «Սահմանի բացումի մասին չի կրնար խօսք ըլլալ ներկայիս, քանի որ այդ մէկը երկար ժամանակի կը կարօտի»:
Երբ խնդրոյ առարկայ արձանագրութիւնները իրենց այժմու տրամադրութիւններով վաւերացուին, փոխարէնը Հայաստան ոչինչ պիտի ստանայ՝ բաւարարելու համար սահմանային բացումի իր միակ նպատակը, բացի այն սին խոստումէն կամ անվաւեր յոյսէն, թէ՝ օր մը սահմանը կրնայ բացուիլ: Իսկ Թուրքիա պիտի ստանայ իր բոլոր պահանջները՝ բաւարարելով 1920էն ասդին բռնագրաւուած հայապատկան հողերը իրաւականացնելու իր երազը:
Թուրքիոյ համար կրկնակ արձանագրութիւնները խարսխուած են ամրօրէն շահաբեր եւ իրապաշտ պատուանդանի վրայ: Իսկ Հայաստանի համար՝ վտանգաւոր եւ անիրապաշտ ուղիներու վրայ: