ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Գողի մը խուզարկու նայուածքը, մանաւանդ իր վնասակար արարքը գործելէ անմիջապէս առաջ, գաղտնի ոստիկաններ այնքան կենդանի կերպով կրնան նկարագրել: Իսկ այսօր, արհեստագիտութեան բերած բարիքներուն շնորհիւ, տուներու թէ վաճառատուներու մուտքերուն, գաղտնի անկիւն մը հաստատուած շարժանկարի արձանագրիչ ոսպնեակներ, շատ աւելի կենդանի ու հարազատ կերպով կրնան ներկայացնել մեզի այն, ինչ որ կատարուած էր մեր բացակայութեան՝ դէպքը մեզի ցոյց տալով այնպէս ինչպէս պատահած էր, առանց մեկնաբանութեան:
Յատկապէս դրամատուներու, կամ թանկարժէք առարկաներ վաճառող խանութներու մուտքին ամրացուած եւ անքուն դէտի պարտականութիւն կատարող մեքենական այս ոսպնեակները, քսանչորս ժամի դրութեամբ պահպանութիւն կը կատարեն, անվնաս պահելու համար տուեալ հաստատութիւնը գողերէ եւ վանտալներէ:
Ներկայիս, ահաբեկչական կարգ մը գործողութիւններու պարագային, ոստիկանութիւնը կը յաջողի անոնց հեղինակները յայտնաբերել՝ քննութեան ենթարկելով փողոցներու անկիւններուն ամրացուած գաղտնի ոսպնեակները:
Վնաս հասցնելու պարագային, վնասաբեր անձերուն նպատակները կրնան տարբերիլ իրարմէ: Ոմանք իսկապէս գողութեան համար կը մօտենան, իսկ ուրիշներ՝ պարզապէս վնասելու: Այս պարագային, ե՛ւս երկու տարբեր մօտեցումներ կան: Առաջինը այն է, որ վնասողը կրնայ ճանչնալ այդ տան կամ վաճառատան սեփականատէրը, եւ նախանձէ կամ վրէժխնդրութենէ մղուած՝ կ՛ուզէ անպայման հարուած մը հասցնել անոր ինչքին: Երկրորդ մօտեցումը այն է, որ պարզապէս քանդում յառաջացնելու համար, ենթական կը ջարդէ ու կը փշրէ ուրիշին կառուցածը: Այս պարագային, հոգեկան հիւանդութեան նախանշաններ կը տեսնեն հոգեբաններ տուեալ ենթակային մօտ, որուն համար ուրիշին կառուցածը անընդունելի կ՛ըլլայ:
Պատանեկան տարիքի մէջ յաճախ յայտնուող երեւոյթ մըն է այս, երբ մանաւանդ հարկ եղած դաստիարակութիւնը չէ՛ տրուած երեխային, կազմաւորման ամէնէն կարեւոր իր ժամանակշրջանին: Ճանչցած եմ պատանի մը, դժբախտ եւ երկփեղկուած ընտանիքի զաւակ, որ օրուան մեծ մասը փողոցը կ՛անցընէր, եւ երբեմն հոն ալ կը գիշերէր իրեն ճակատագրակից աննկարագիր պատանիներուն հետ: Այս պատանին սովորութիւն ունէր սեւ ներկ փչող թիթեղեայ շիշ մը ձեռքին՝ գիշեր ատեն շրջիլ թաղերուն մէջ եւ մաքուր ինքնաշարժներուն վրայ անընթեռնելի տառեր գրել: Եւ ասիկա կ՛ընէր գաղտնաբար, ու պարզապէս հաճոյանալու համար, առանց դոյզն խղճահարութեան:
Նման արարքներ գործող, կամ գողութեամբ զբաղող մարդիկ, ժամանակի ընթացքին կը դառնան շատ շրջահայեաց, աչալուրջ, անշուշտ այս բառերուն դրական արդիւնքները ծառայեցնելով իրենց յետին ու չար նպատակներուն: Կեանքի մէջ աչալուրջ ու շրջահայեաց ըլլալը շատ դրական հետեւանքներ կրնայ ունենալ, երբ փոխյարաբերական կեանքի մէջ մարդ կը դառնայ աւելի զգաստ, զգոյշ, զգօն, արթուն ու խոհեմ: Սակայն նոյն աչալրջութիւնը եւ շրջահայեացութիւնը գող մը կրնայ իր «արհեստին» ծառայեցնել՝ մեծ արհեստավարժութեամբ, անզգալաբար կողոպտելով ուրիշներուն պատկանող հարստութիւնը: Մինչեւ այսօր ալ կան քսակահատներ, որոնք խճողուած քաղաքներու մայթերուն վրայ կամ հանրակառքերուն մէջ, մուրացկանի պիտակներով կը մօտենան, սակայն մեծ վարպետութեամբ ու առանց զգացնելու, կը յափշտակեն անցորդներուն դրամապանակները. անոնց կատարած կողոպուտին շատ ուշ կ՛անդրադառնան այդ կողոպտուող անձերը, երբ ստիպուած կ՛ըլլան գնում կատարելու, եւ իրենց գրպանին մէջ չեն գտներ դրամապանակը, իրենց կարեւոր թուղթերուն հետ միասին…:
Գողերուն խուզարկու նայուածքները, առհասարակ հորիզոնական ուղղութիւն կ՛ունենան: Անոնք յատկապէս իրենց գործողութեան սկսելէ առաջ, մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ կը դառնան՝ բայց այդ աջին ու ձախին միջեւ գտնուող ամբողջ շրջանակը մանրազննին քննութենէ անցընելով: Անոնց զգացած վախը, մէյ մը սեփականատիրոջ վրայ հասնելէն կու գայ, եւ մէյ մըն ալ՝ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուելէն:
Կը պատմուի, թէ քաղաքի մը մէջ կ՛ապրէր վաստակաշատ գող մը, որուն վրայ միայն կասկածներ ունէին քաղաքի բնակիչներ, առանց օր մը զինք արարքի վրայ բռնել կրցած ըլլալու: Այնքան վարպետութեամբ ան կը յաջողէր բանալ մեծահարուստ վաճառականներուն խանութները, եւ այնպիսի ժամու, երբ ոչ ոք կը տեսնէր զինք կամ կրնար հասնիլ զայն ձերբակալելու: Ու այսպէս, թաքնուած կը մնար ան, իր կործանարար արարքներուն ետին:
Պատահեցաւ որ օր մը ան, դարձեալ գտած յարմար ժամը եւ առիթը՝ գնաց քաղաքի գոհարավաճառին փակ խանութը՝ իր պատրաստած գործիքներով բանալու համար անոր կղպանքները: Ըստ իր սովորութեան, իր խորաթափանց աչքերով, ան մէյ մը աջ ու մէյ մըն ալ ձախ կողմը նայեցաւ, ու երբ տեսաւ, թէ պահը ապահով է իր նպատակը իրագործելու, սկսաւ իր աշխատանքին: Սակայն յանկարծ լսեց մանուկի մը ձայնը, որ կ՛ըսէր.
– Բայց վեր չնայեցա՛ր…:
Մեծապէս ցնցուելով այդ մանկական ձայնէն, յատկապէս գիշերուան խոր լռութեան մէջ, փախուստի դիմելէ առաջ գողը անգամ մը վեր նայեցաւ՝ տեսնելու համար, թէ ո՞ր մէկ պատուհանէն զինք տեսած էր այդ մանուկը: Բայց զարմացաւ, երբ տեսաւ, թէ բոլոր պատուհաններն ալ փակ էին, իրենց արտաքին փեղկերով միասին…:
Եւ ձայնը կրկնուեցաւ…: Այն ատեն գողը զգաց, որ այդ մանկական ձայնը վերի պատուհաններէն չէր գար, այլ՝ իր ներսիդիէն՝ խիղճէն: Այո՛, խիղճին ձայնը «վերէն կու գայ», որովհետեւ Աստուծոյ ձայնն է մեր մէջ: Գողը վաղուց չէր լսած այդ «վերին ձայնը», որ իր մէջ մանուկ տարիքին տրուած քրիստոնէական դաստիարակութեան արձագանգն էր: Անոր կեանքէն վաղուց ջնջուած էր գլուխը դէպի վեր՝ դէպի Աստուած, բարձրացնելու ունակութիւնը, ինչպէս նաեւ զայն խոնարհեցնելով՝ հեզաբար աղօթելու սովորութիւնը: Սակայն, տարիներ ետք անիկա ետ կը վերադառնար իրեն, մանկական ձայնով, որ մարդկային հոգիին բիւրեղեայ մաքրութեան խորհրդանիշն է:
Կեանքի մէջ մարդոց կատարած գողութիւնները միայն նիւթեղէն գոյքերու եւ ինչքերու դէմ չեն, այլ նաեւ ուղղուած են բարոյական «կառոյցներու»՝ վիրաւորելով մարդկային հոգին, սիրտը եւ միտքը: Նման «գողութիւններ» ըրած ժամանակ, ոմանք կը մոռնան անգամ մը «վեր նայելու»՝ խղճին ձայնը լսելու համար: Շատեր ամենայն ճարպիկութեամբ իրենց շուրջը կը քննեն, վատ արարք մը ի գործ դնելէ առաջ հազար ու մի հաշուարկումներ կը կատարեն, բայց կը մոռնան անգամ մըն ալ «վեր նայելու»:
Մարդ էակին համար մեծագոյն յոյսը այս կեանքին համար այն է, որ իւրաքանչիւր անձ, անպայման իր կեանքին մէջ օր մը պիտի լսէ մանկական այդ ձայնը, որ զինք պիտի սթափեցնէ՝ ըսելով.
– Բայց վեր չնայեցա՛ր…:
Աստուած օգնական Հայր Սուրբ,
Շնորհակալ եմ ձեր գրած գրութիւններուն, ես սիրով կը կարդամ,
այդքան ճիշտ բաներ կը գրեք. Եթէ կարելի է կը խնդրեմ ձեզմէ,
Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու մէջ կատարուած Գողութիւներու
մասին ալ գրութիւն մը գրեցեք.