Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, առաջնորդարանի յարկին տակ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ժան Գոսաքեանի ու Յարութ Մանուկեանի, որոնք եկած էին մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը յուզող հարցերու մասին խորհրդակցութիւն ունենալու առաջնորդին հետ։
Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ հաղորդեցին նորագոյն այն զարգացումներուն մասին, որոնք սկիզբ առած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութեանց հարցով։ Այս մասին տեղի ունեցան տեղեկութեանց ու տեսակէտներու փոխանակում։ Առաջնորդն ու հիւր ներկայացուցիչները ընդգծեցին, թէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ որեւէ համաձայնութիւն պէտք չէ անտեսէ մեր ժողովուրդին իրաւունքներն ու արդարութեան նախադրեալները։ Այս ծիրէն ներս նաեւ համախոհութիւն արձանագրուեցաւ՝ ճիգերը ներդաշնակելու եւ միացնելու ուղղութեամբ։