ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի, Հայ ամերիկեան առեւտուրի պալատի Փոքրիկ Հայաստանի մասնաճիւղին, Քալիֆորնիոյ նահանգային
տուրքերու գրասենեակի պատասխանատու Ճան Չիանկի ու տեղական շարք մը այլ կազմակերպութեանց համատեղ ջանքերով, փոքր գործարարութեանց նուիրուած տուրքերու եւ աշխատանքի կարելիութիւններուն յատուկ սեմինար մը (Small Business Tax Seminar) տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Օգոստոս 28ին, առաւօտեան ժամը 8:30էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1, իրարու քով բերելով զանազան շրջաններէ հարիւրաւոր գործարարներ եւ մասնագէտներ:
Սեմինարը լաւ առիթ մըն էր մասնագէտներու եւ այլ գործարարներու հետ կապեր հաստատելու, տեղեկութիւններ ստանալու համար նոր օրէնքներու եւ տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու կարելիութիւններուն մասին, կը յայտնէ կազմակերպիչ յանձնախումբէն Ռոստոմ Սարգիսեան:
Չիանկ դրուատեց սեմինարին կազմակերպումը եւ շեշտեց, թէ նման ձեռնարկներու շնորհիւ, շրջանի բնակչութիւնը կարելիութիւնը կ՛ունենայ ծանօթանալու տնտեսութիւնը վերականգնելու համար առաջադրուած պետական ու նահանգային ծրագիրներուն մանրամասնութեանց, ինչպէս նաեւ գործարարութեանց վերաբերող նոր հնարաւորութիւններու ու խթաններու:
Հոլիվուտի «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացումը կատարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Այտա Տիմիճեան, որ ներկայացման մը համար բեմ հրաւիրեց Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Քէվըն տը Լէոն, որուն ընտրատարածքին մաս կը կազմէ Փոքրիկ Հայաստանը:
Իր կարգին, տը Լէոն բեմ հրաւիրեց Չիանկը, որ ձեռնարկին ընթացքին տուրքերու մասին ներկաներուն բացատարականներ փոխանցողներէն էր: Տեղի ունեցան նաեւ ներկաներուն եւ զանազան նիւթեր ներկայացուցած բանախօսներուն միջեւ կարծիքի փոխանակումներ:
Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ շրջանի թայ, սպանախօս եւ սեւամորթ համայնքներու ներկայացուցիչները, որոնք դրուատեցին Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբը, որ նման ձեռնարկներ կազմակերպելով՝ կը սերտացնէ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ բնակողներուն միջեւ յարաբերութիւնները: