ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան «Թայյար.օրկ» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ՀՅԴ կը մերժէ նոր նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ նախանցեալ օր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Սլէյմանի ներկայացուած կառավարութեան կազմը, որովհետեւ այդ կառավարութիւնը կազմելու սկզբունքը ինքնին անընդունելի է։
Յ. Մխիթարեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը ի՛նք կ՛որոշէ իր ներկայացուցիչը Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան մէջ։ Այս ծիրին մէջ ան յոյս յայտնեց, որ տարբեր լրատուամիջոցներ դադրին նախարարութեան թեկնածուներու անուններ հրապարակելէ։
Յ. Մխիթարեան նշեց նաեւ, որ եթէ հանրապետութեան նախագահը ստորագրէ ներկայացուած կազմին նախագիծը, ապա այդ կառավարութիւնը ժամանակէ մը ի վեր լիբանանցիներուն սպասած ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը պիտի չըլլայ։ Ան ընդգծեց, որ ներկայիս ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը ամէն ժամանակէ աւելի միասնական են, «իսկ անոնց միասնական չըլլալուն մասին գրաւները անտեղի են, որովհետեւ անոնք միայն հաւաքաբար մաս պիտի կազմեն կառավարութեան», աւելցուց Մխիթարեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.