Հինգշաբթի, 3 Սեպտեմբերի կէսօրին, Ազգային առաջնորդարան այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վիգէն Գասապեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի։
Առաջնորդ սրբազանը յարգելի հիւրին ծանօթացուց Ազգ. առաջնորդարանի աշխատանքի դաշտերն ու նորակառոյց շէնքին բաժանմունքները։ Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Ս. Աթոռոյս ու մեր թեմին գործունէութեան զարգացման կարելիութիւններուն ու հասարակաց մտահոգութիւններուն մասին։
Գասապեան բարձր գնահատեց Ազգ. առաջնորդարանի հովանիին տակ կատարուող ժողովրդանուէր ու սերնդակերտ աշխատանքները, նաեւ մաղթեց, որ ազգանուէր գործունէութիւնը նոր թափ ու ծաւալ ստանայ։