ԵՐԵՒԱՆ.- Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննիսեանի պատգամաւորական մանդատի հրաժարութենէն ետք, Սեպտեմբեր 9ին գումարուած վարչութեան նիստին ընթացքին կուսակցութենէն հեռացած են երեք անդամներ՝ Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան եւ կուսակցութեան վարչութեան անդամ Վարդան Խաչատրեանը, որ կուսակցութիւնը պառակտելու փորձեր ըրած էր, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մէջ Ժառանգութիւն խմբակցութեան ներկայացուցիչ Զոյա Թադեւոսեանը, որուն կատարած աշխատանքը կուսակցութեան վարչութիւնը գնահատած էր անբաւարար, մասնաւորապէս՝ ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ, եւ Մովսէս Արիստակէսեանը, որ կուսակցութեան մէջ տարած էր քայքայիչ գործունէութիւն եւ կուսակցութեան անդամներուն հասցէին հերիւրանքներ տարածած էր։
Կուսակցութեան նոյն նիստով վարչութեան նախագահի պաշտօնին համար ընտրուած է վարչութեան անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան, իսկ անոր փոխարէն խորհրդարանական խմբակցութեան նոր ղեկավար ընտրուած է Ստեփան Սաֆարեանը:
Նիստի աւարտին վարչութիւնը վերահաստատած է իր հաւանութիւնը Րաֆֆի Յովհաննիսեանի Յունիս 6ին կատարած համատեղ խորհրդակցութիւններ սկսելու կոչին՝ ուղղուած ընդդիմադիր երեք քաղաքական ուժերուն, ինչպէս նաեւ Յունիս 23ին կուսակցութեան տուած առաջարկին՝ կլոր սեղանի շուրջ համատեղ խորհրդակցութիւններ սկսելու նպատակով ներկայացուցիչներ գործուղելու մասին, որ ուղղուած Հայ ազգային կոնգրէսին եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.