ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ատրպեճանական լրատու գործակալութիւններ երէկ հրապարակած են լուր մը, ըստ որուն Աղդամ ճակատին վրայ ատրպեճանական բանակը ետ մղած է հայկական ուժերու կողմէ յարձակում մը, եւ այս գործողութեան ընթացքին հայկական բանակէն զոհուած են հինգ զինուորներ ու վիրաւորուած երեք ուրիշներ: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, ատրպեճանական բանակէն քանի մը զինուորներ վիրաւորուած են:
Թրքական մամուլը եւս արձագանգած է այս լուրերուն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պուրաք Օզուկերկի յայտարարած է, թէ յարձակման լուրը եթէ հաստատուի, ապա խորապէս մտահոգիչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ համար:
«Մենք մտահոգութեամբ կը հետեւինք նման իրադարձութիւններու, մանաւանդ այս օրերուն, երբ մենք կը փորձենք Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան ու բարօրութեան նպաստող քայլեր առնել», յայտարարած է Օզուկերկի:
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը (ՊԲ) այս լուրը հերքող հաղորդագրութեամբ հանդէս եկած է երէկ՝ Հինգշաբթի օր:
Ստորեւ՝ սոյն հաղորդագրութիւնը.
«Ադրբեջանական լրատուամիջոցների կողմից այսօր տարածուած այն լուրը, թէ՝ իբր Սեպտեմբերի 10ի առաւօտեան ժամը 9ի սահմաններում հայկական ուժերը Աղդամի ուղղութեամբ անցել են գրոհի, եւ որի արդիւնքում ղարաբաղեան ստորաբաժանումները տուել են 5 զոհ եւ 3 վիրաւոր, Բաքուի պաշտօնական քարոզչամեքենայի կողմից մոգոնած հերթական ապատեղեկատուութիւնն է: Համաձայն ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան, ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները վստահօրէն տիրապետում են ինչպէս Աղդամի, այնպէս էլ շփման գծի ողջ երկարութեամբ տիրող իրավիճակին եւ ադրբեջանական ուժերին ստիպում պահպանել շուրջ 15 տարի առաջ հակամարտ կողմերի միջեւ հաստատուած հրադադարի ռեժիմը: Ինչ վերաբերում է, այսպէս կոչուած գրոհի ընթացքում, ղարաբաղեան կողմի տուած 5 զոհի եւ 3 վիրաւորի փաստին, ապա դա ոչ այլ ինչ է, քան Բաքուի պաշտօնական քարոզչամեքենայի «վառ» երեւակայութեան հերթական արգասիք»: