ՊՈԼԻՍ.- Ֆուլիա Էօզէրքան «Հիւրրիյէթ»ի Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8ի թիւին մէջ լոյս տեսած իր «Շրջանային միջնորդը միջնորդութեան համար կը դիմէ զուիցերիացիներուն» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ. «Շրջանային մեծ տագնապներու, ներառեալ՝ Իսրայէլ-Սուրիա, Իրանի վիճելի հիւլէական ծրագիրի, եւ անցեալ տարի Կովկասի մէջ Վրաստան-Ռուսիա պատերազմի հարցերով միջնորդ Թուրքիան, ներկայիս դրացի Հայաստանի հետ հաշտուելու համար զուիցերիական միջնորդութեան կը դիմէ»։
Ան կ՛աւելցնէ, թէ իր շրջապատին մէջ «միջնորդ»ի դեր խաղալու Անգարայի խանդավառութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան ներքոյ աճած է. քայլ մը, որ կը համապատասխանէ իսլամական աշխարհին մէջ Օսմանեան իշխանութիւնը վերակենդանացնելու ջանքերուն։ «Սակայն երբ հարցը կը վերաբերի իր տագնապներուն, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը մշակողները երրորդ կողմերու մասնակցութիւնը ընդունելու մեծ պատրաստակամութիւն չեն ցուցաբերած, սակայն Հայաստանի պարագան բացառութիւն մըն է», կը գրէ ան:
Թուրք դիւանագէտ մը յայտնած է, թէ «Մենք Զուիցերիա երթալով՝ անոնցմէ միջնորդութիւն չենք խնդրած, խնդրանքը իրենցմէ եկաւ», սակայն զուիցերիացի դիւանագէտ մը պնդած է, թէ երկու կողմերէն եկած է միջնորդութեան խնդրանքը: