ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան-Հայերն Այսօր».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, Սեպտեմբեր 10ին պաշտօնական արարողութեամբ մը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Հայաստանի Ազգային արխիւին յանձնուած են ազգային հերոսներ Անդրանիկ Օզանեանի եւ Գարեգին Նժդեհի գործունէութիւնը լուսաբանող մեծաքանակ վաւերագիրներու պատճէնները, որոնք մինչեւ այսօր կը պահպանուէին Պուլկարիոյ հանրապետութեան արխիւներու պետական գործակալութեան պահոցներուն մէջ։
Արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի հանրապետութեան մօտ Պուլկարիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թոտոր Սթայքով, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ մէջ գործող Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մանասարեան: