ՖՐԵԶՆՕ.- Այս տարուան Օգոստոսի առաջին երկու շաբաթներուն դէպի Հայաստան բժշկական առաքելութեան մը մաս կազմած Քուշիկեան ընտանիքէն չորս անդամներ յառաջիկաայ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11ին իրենց փորձառութեանց մասին զեկուցում մը պիտի ներկայացնեն Ֆրեզնոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ (430 S. First St.):
Ձեռնարկը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7ին, իսկ անոր աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Յայտնենք, թէ բժշկական նշեալ առաքելութիւնը իր ջանքերը կեդրոնացուցած էր Սպիտակի եւ Ստեփանաւանի հայութեան կարիքներուն գոհացում տալու աշխատանքին վրայ: Առաքելութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 237-6638 թիւին կամ այցելել www.fapc.net համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.