ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 15ի ժամը 14:00ին, Երեւանի մէջ, կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքերուն դիմաց սկսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնած անժամկէտ նստացոյցն ու հացադուլը՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ: 50 հոգի, «Չուրանա՛նք, չզիջե՛նք, ընդվզե՛նք» եւ «Նախապայմաններին՝ ո՛»չ վերտառութեամբ պաստառներով նստած են շուրջօրեայ նստացոյցի, իսկ շուրջ 24 անձ՝ հացադուլի: Վերջիններս պարբերաբար կը վանկարկեն՝ «Ո՛չ մի զիջում թուրքերին. Նալբանդեան հեռացիր»:
Նշենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն միջեւ Օգոստոս 31ին նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն հետագայ ճակատագիրը պիտի որոշուի երկու երկիրներուն մէջ խորհրդարանական եւ հասարակական քննարկումներէ ետք։
Վերոնշեալ ցոյցերը պիտի արտայայտեն այդ փաստաթուղթերուն շուրջ ՀՅԴի եւ համակիր հասարակութեան կարծիքը։ Բողոքի ցոյցեր պիտի կազմակերպուին նաեւ Հայաստանի մարզերուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ։
Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, նստացոյցը եւ հացադուլը պիտի շարունակուին այնքա՛ն ատեն, երբ տակաւին չէ փոխուած արձանագրութիւններուն բովանդակութիւնը:
«Այս գործողութիւնների նպատակն է մերժել պարտադրուող նախապայմանները, պահանջել հայութեան շահերը վտանգող փաստաթղթերի դրոյթների վերանայում: Որքա՛ն էլ իշխանութիւնները յայտարարեն, որ նախապայմաններ չկան, մեր գնահատականը շատ յստակ է՝ այդ փաստաթուղթը կանխորոշում է յարաբերութիւնների կարգաւորում յօգուտ Թուրքիայի: Սա յստակ է: Այսինքն, եթէ մենք սա ստորագրում ենք, ապա արդէն յաջորդ օրուանից այդ նախապայմաններն իրականացման գործընթացի մէջ են մտնում: Ասում են, թէ արձանագրութիւններում չկայ Կարսի պայմանագիր. այդ դէպքում ինչո՞ւ է գրուած, որ ճանաչում ենք սահմանները: Այդ սահմաններն ամրագրուած են միայն 1921 թուականի Կարսի պայմանագրով, ուրիշ որեւէ պայմանագիր նման սահման չի ամրագրում: Մեր նպատակն է ժողովրդին բացատրել, ներկայացնել խնդիրները, որպէսզի տպաւորութիւն չստեղծուի, թէ Դաշնակցութիւնը մերկապարանոց յայտարարութիւններ է անում, հակաթուրք կուսակցութիւն է, եւ թէ ի՛նչ էլ արուի, նրանց դուր չի գալու: Մեր խնդիրը հանրութեանը իրական փաստեր ներկայացնելն է», ըսած է Ա. Ռուստամեան՝ աւելցնելով, թէ իրենք անպայման կը մասնակցին Սեպտեմբեր 17ին Հայաստանի նախագահին հրաւիրած քննարկումներուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտնած է, որ ցոյցերը պիտի շարունակուին այնքան ժամանակ, որ պէտք է շարունակուին: «Մեր այս բողոքը նաեւ երեւոյթի դէմ է. իրականում այսօր մեր երկրում բանավէճ չկայ այդ արձանագրութիւնների շուրջ, եւ այս միջոցառումները նաեւ նպատակ ունեն հասարակութեանը ներկայացնել այն փոփոխութիւնները, որոնք ՀՅԴ առաջարկում է անել այդ արձանագրութիւններում», ըսած է Վ. Յովհաննիսեան: Ան չի բացառէր նստացոյցի մասնակիցներուն նկատմամբ բռնութիւնները, սակայն կը վստահեցնէ, որ պատասխանը համարժէք պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով, իշխանութիւնները արձանագրութիւններուն մէջ փոփոխութիւններ ընելու ցանկութիւն չունին եւ կը փորձեն իրենց տեսակէտները քարոզել ժողովուրդին: Ըստ անոր, Դաշնակցութիւնը մտահոգ է արձանագրութիւններու երկու կէտով՝ սահմաններու ճանաչման վերաբերեալ դրոյթը եւ Ցեղասպանութեան հարցը ոսումնասիրող պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծումը:
«Զարմանում ենք՝ ինչպէս են կուրօրէն հետեւում Թուրքիայի այս դիւանագիտութեան խորամանկութեանը, ու պիտի մինչեւ վերջ բողոքենք ու ամէն քայլ էլ անելու ենք՝ հասնելու մեր նպատակին», նշած է նստացոյցին մասնակից Լիլիթ Լալայեանը, իսկ Արտակ Աւետիսեան յայտնած է, թէ իրենց նպատակն է իշխանութիւները մղել, որ հրաժարին իրենց միտքէն՝ վերջնական ստորագրումէն: «Մենք թերեւս լաւատես ենք, որ մի փոքր իշխանութիւնների մէջ մնացել է ազգասիրութեան, ողջամտութեան հատիկ: Ու էդ հատիկի վրայ մենք փորձում ենք կառուցել միւս տրամաբանութիւնները», ըսած է ան:
Յակոբ Խաչատրեանի կարծիքով, մենք միշտ խաբուած ենք եւ հիմա ժամանակն է, որ կրկին չխաբուինք։
«Սա իսկապէս համահայկական հարց է եւ բոլորս խիստ նախանձախնդիր ենք, մտածում ենք, որ անկախ այն բանից, որ մենք շատ կը ցանականայինք մեր երկու երկրների միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները լինեն բնականոն, բայց դրա համար պէտք է համապատասխան գին վճարենք եւ ոչ աւելին», ըսած է Սեդա Դաւթեանը:
Դէմ չըլլալով սահմանի բացման եւ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման՝ ՀՅԴ արձանագրութիւններուն մէջ փոփոխութիւններու իր տարբերակը կ՛առաջարկէ՝ մատնացոյց ընելով նախապայմանները, որոնք քննարկման առարկայ կը դարձնեն Ցեղասպանութեան փաստը, ինչպէս նաեւ սահմանի բացումը կը պայմանաւորեն Արցախի հարցով:
Ցուցարարները նախաստորագրուած փաթեթը արմատական փոփոխութիւններու ենթարկելու պահանջքը պիտի յիշեցնեն իշխանութիւններուն այնքա՛ն ժամանակ, մինչեւ ամբողջութեամբ գիտակցուի անոր վտանգը եւ կայանայ հայանպաստ որոշում մը:
Նշենք, որ նստացոյցին զուգահեռ կազմակերպուած է նաեւ ստորագրահաւաք: