Հետաքրքրական իրողութիւն մը կայ Հոլիվուտի հայ համայնքի հիւսուածքին մէջ: Հաւանաբար այս իրողութիւնը առնչութիւն ունի այն փաստին հետ, որ Միացեալ Նահանգներու այս ափերը հաստատուողները, մանաւանդ քսան, երեսուն տարի եւ առաջ, իրենց առաջին հանգրուանը պարտադրաբար կամ գործնական նկատառումներով կը դարձնէին Հոլիվուտը եւ հետագային, երբ տնտեսական իրենց վիճակը բարելաւուէր, կը փոխադրուէին այլ շրջաններ՝ պահելով իրենց կապուածութիւնը տպաւորութիւններով ու յիշատակներով հարստացած Հոլիվուտին:
Այսպէս էր պարագան նաեւ Վարուժան Կիւլիւզեանին, որ Պէյրութէն Տիթրոյիթ փոխադրուելէ ետք, երբ որոշած էր այս ափերը հաստատուիլ, եկած էր Հոլիվուտ:
Կիւլիւզեան Պէյրութը թողած է 1976ին ու Տիթրոյիթ հաստատուելով՝ չորս տարի առիթ ունեցած էր աշխատելու ամերիկեան մեծագոյն ինքնաշարժ սարքող ընկերութիւններէն «Ֆորտ Մոթըրզ»ի կառոյցէն ներս՝ իր լիբանանեան արհեստը կատարելագործելով:
1980ին հաստատուած է Հոլիվուտ, ուր աշխատած է Վոլվոյի մասնագիտացած ընկերութեան մը մօտ, ստեղծած է նաեւ իր սեփական ընկերութիւնը ու 1988ին փոխադրուած է Լա Քանիատա, իսկ 2006ին՝ իր ներկայ գործատեղին, Մոնթրոզի շրջանը:
Տիթրոյիթէն այս ափը փոխադրուելու պատճառներէն էին ցուրտ եղանակէն հեռանալու եւ աւելի ջերմ ու մեծ հայկական համայնքի մը մէջ ապրելու ցանկութիւնները:
Վարուժանի հայրը ունեցած է հինգ տղայ զաւակ, որոնցմէ ամէնէն մեծը մահացած է, մէկը Մոնթրէալ կը բնակի, իսկ միւս երեքը՝ այս շրջանին մէջ:
Ինք՝ Վարուժան, ունի երեք զաւակներ՝ երկու աղջիկ եւ մէկ տղայ: Տղան եւ մէկ աղջիկը իրենց հօր հետ կ՛աշխատին՝ ընտանեկան գործի բնոյթ տալով իրենց աշխատանքին, որ իրեն հետ անշուշտ կը բերէ անմիջականութիւն, որակ ու վստահելիութիւն, ինչ որ մեծապէս կը գնահատուի իր յաճախորդներուն կողմէ:
Կինը կորսնցուցած է 1996ին, ու երբե՛ք չէ մտածած կրկին ամուսնանալու մասին: Հինգ թոռներու տէր է արդէն ներկայիս, ու յաճախակի ընտանեկան հաւաքոյթներով իր զաւակներուն ու թոռներուն տաքուկ միջավայր մը պարգեւելու որեւէ ճիգ չի խնայեր:
Վարուժան Կիւլիւզեան ութ տարի Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ եղած է ու այդ մարմինին ճամբով փորձած է իր բաժինը բերել՝ թեթեւցնելու համայնքին բեռը:
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի վկայութեամբ, ան իր պաշտօնավարութեան ընթացքին ծառայած է խանդավառութեամբ ու նուիրումով՝ նպաստելով եկեղեցւոյ ծրագիրներու յաջողութեան:
Հոլիվուտի եկեղեցիին իր կապուածութիւնը Վարուժան կը բացատրէ ըսելով, որ իր ընտանիքին հետ կապուած բոլոր եկեղեցական ծէսերն ու խորհուրդները անոր գմբէթին տակ կատարուած ըլլալով՝ իւրայատուկ զգացում կը տածէ Ս. Կարապետի հանդէպ: Նաեւ իր սկզբնական շրջանի աշխատանքային ու ընկերական շրջանակին կարեւոր մասը կազմուած ըլլալով այս շրջանի մարդոց հետ՝ բնական գտած է այստեղ կատարել իր ազգային պարտականութիւնները:
Վարուժանի «Վոլվօ»ի մասնագիտացած գործատեղին այդ մակնիշի մեքենաներու բոլոր խնդիրները լուծելու, անսարքութիւնները վերացնելու հնարաւորութիւն ունի: Ան միայն մեքենաներու արտաքին ֆիզիքական վնասուածքները նորոգելու գործ չըներ:
Տնտեսական ներկայ վիճակը շատ չէ ազդած Վարուժանի գործին, որովհետեւ մարդիկ նոր ինքնաշարժ գնելու դժուարութիւն ունենալով՝ կը նախընտրեն պահել իրենց հինը, կամ օգտագործուած ինքնաշարժ գնել. երկու պարագային ալ վարպետ «մեքանիք»ի կարիքը միշտ կայ, մանաւանդ եթէ ան վստահելի է ու իսկակա՛ն վարպետ: