ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
1980ի ամառն էր, Յունիս թէ Յուլիս ամիսը, վստահ չեմ. Հրակ Վարժապետեանենց Փալոս Վերտես գտնուող ծովեզերեայ ապարանքը հաւաքոյթի մը հրաւիրուած էինք՝ պատուելու համար գաղութս այցելող մեծանուն գրող, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահի տեղակալ Ստեփան Ալաճաճեանն ու իր կողակիցը՝ Սեդան։ Ամառնային գեղեցիկ, արեւշատ յետմիջօրէ մըն էր եւ ծովափէն հասնող Խաղաղականի ոչ այնքան խաղաղ ալիքներուն շառաչը կը խառնուէր տիրող ուրախ տրամադրութեան, որ Ալաճաճեանի ժամանումով աւելի եւս կը շեշտուէր… Վարպետը եւ տիկին Ալաճաճեանը ծանօթ ըլլալ կը թուէին գրեթէ բոլոր ներկաներուն, որոնց խանդավառօրէն ողջունելէ, իսկ ուրիշներու հետ ալ ողջագուրուելէ ետք, հայրենի հանրածանօթ գրողը Երուանդ Գոչունեանի մօտեցաւ եւ աղերսող աչքերը պահ մը մեր բարեկամին սեւեռած մնաց.
– Երուա՛նդ, ձայնս ինծի վերադարձո՛ւր…,- ըսաւ:
Այլեւս հայ ընթերցողներուս համար գաղտնիք չէր, որ գրողը կոկորդի քաղցկեղի մահացու վիրաբուժութենէ ազատելով՝ իր պերճախօսութիւնն ու ձայնային լարերը կորսնցուցած էր, եւ շրթներուն կպցուցած սուլիչի կամ բարձրախօսի նման գործիք մը: Հազիւ հասկնալի շշուկով, Պէյրութի մէջ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին համար Գոչունեանի հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ձայներիզին կ՛ակնարկէր ան ու հարազատ իր ձայնը կը պահանջէր. յայտնապէս մեր բարեկամը հնչիւններու կարօտէն կը տառապէր։
Ներկաները յանկարծակիի գալով՝ շուարած իրարու ուղղեցին ապշահար իրենց հայեացքը, չհասկնալով, թէ հիւր գրողը Երկնաւոր Հօր փոխարէն, ինչո՞ւ Երուանդին կը դիմէր կորսնցուցած իր ձայնը վերագտնելու։ Գոչունեան, իր կարգին, պատրաստուած չըլլալով առաջին առիթով արտառոց թուացող առաջարկութեան մը՝ խոհուն ու ապշահար, իր հայեացքը պտտցուց ներկաներուս վրայ, ապա սթափելով ըսաւ.
– Սիրելի Ալաճաճեան, մեր հարցազրոյցին ձայներիզը հետս Ամերիկա չեմ բերած, Պէյրութ, «Սփիւռք»ի խմբագրատուն թողեցի…
Ինչպէս վերը նշեցի, այս դէպքը 1980ին պատահեցաւ, երբ մեծանուն գրողը, իր կնոջը՝ Սեդային հետ, Լոս Անճելըս կ՛այցելէր։
Պահ մը նստած տեղս, աչքիս առջեւ եկաւ տաղանդաւոր գրողին Լիբանան այցելութիւնը 1971ի այդ ձմրան, երբ ես ալ գործով Ափրիկէէն Պէյրութ եկած էի ու մէջընդմէջ կը վայելէի լիբանանահայ մտաւորականութեան, մասնաւորապէս «Սփիւռք» թերթի լայն շրջանակին ուշադիր կեցուածքն ու գուրգուրոտ վերաբերմունքը։ Ի տարբերութիւն ամերիկահայութեան եւ ի պատիւ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի հայութեան, վերջիններս գիտեն իրենց գրող մտաւորականներուն հետ յարգանքով ու ջերմութեամբ վերաբերիլ…
Գալով մեր նշանաւոր հիւրին, Ալաճաճեան այդ օրերուն ոչ միայն տասը տարիով աւելի երիտասարդ էր, այլ հաճելի իր ձայնով՝ չափէն աւելի պերճախօս, ջերմ անհատականութիւն մը, որ երբ կը սկսէր խօսելու, շուրջիններուն դրական թրթռում կը փոխանցէր, հոգ չէ, թէ ինչպիսի՛ միջավայրի մէջ գտնուէր ան։
Կը յիշեմ հիմա, գաղտնիք մը չէ, ողբացեալ արձակագիր Գէորգ Աճէմեանի հետ գիշեր մը ընկերներով յարգելի հիւրը «շոյ»ի տարինք եւ մինչեւ ուշ ատեն խմեցինք ու գրականութեամբ արբեցանք։ Սեղան նստած էի իմ նախասիրած խորհրդահայ գրողներէն ամէնէն տաղանդաւորին հետ, որուն «Եղէգները Չխոնարհուեցին» գլուխ գործոց վէպը՝ Ափրիկէի խորերը բարձի գիրքերէս մէկը դարձեր էր։
Այս փորձագրութիւնը չի միտիր քառասուն տարի ետ երթալով՝ Ստեփան Ալաճաճեանի Պէյրութ կամ Լոս Անճելըս այցելութիւնները նկարագրել։ Այդ այցելութիւնները վերյիշեցի պարզապէս հէգ գրողին նշանաւոր այդ նախադասութիւնը ճիշդ իր տեղին ու մթնոլորտին մէջ տալու եւ ձայնային լարերու կորուստով անոր ապրած ողբերգութիւնը պատկերելու համար։ Բնութեան կողմէ մեզի շնորհուած հրաշալի սա գոյութեան ընթացքին, մեր գլխաւոր զգայարանքներէն կամ անդամներէն մէկուն կորուստէն ետք կ՛ողբանք զայն եւ անոր արժէքը ի՛ր իսկութեամբ կը գնահատենք:
Ալաճաճեանի օրինակը խօսուն է եւ ուսանելի՝ հասկցողին համար։ Տասը ամիս առաջ կաթուածը զիս հարուածելէ ետք, փողոցը ինծի հանդիպողը «բնաւ յայտնի չէ…» կ՛ըսէր՝ ակնարկելով այն իրողութեան, որ երեւութապէս նոյն բնական անձը մնացեր էի։ Սակայն կաթուածին գործած աւերը ա՛լ աւելի ուղեղիս եւ աջ թեւիս վրայ զգացի։ Ուղեղս, փառք Տիրոջ, չբթացաւ, սակայն զիս շրջապատող իրերուն եւ մարդոց անունները գրեթէ ամբողջութեամբ ջնջուեցան։ Կամ ալ ինձմէ յատուկ ճիգ կը պահանջեն անոնք՝ յիշողութեանս պաստառը վերադառնալու համար։ Նոյնիսկ արհեստագիտական գետնի վրայ, մեքենայի զանազան մասերու եւ աշխատանոցի գործիքներու անունները մեծ դժուարութեամբ կը վերյիշեմ։
Այսքանը՝ «բնաւ յայտնի չէ»ի պարգեւին համար։
Միւս աւերը՝ թեւիս եւ մատներուս ճկունութեան եւ զգացողութեան կորուստը, աւելի՛ ծանր կը ճնշէ վրաս… ձեռագիրս անընթեռնելի դարձնելով։ Գաղտնիք ալ չէ, որ ֆրանսացի Յիսուսեան հայրերու վարած «Ս. Գրիգոր Լուսաւորի»չ ճեմարանի սան եղած եմ։ Նախնական ուսումս ստացայ Գթութեան ֆրանսացի քոյրերու Էշրէֆիէյի վարժարանէն՝ ֆրանսերէնի կողքին արաբերէն սորվելով, իսկ տունը եւ գաղթականական շրջանակներու մէջ թրքերէն կը խօսէինք։
«Առաջին սէրս» խորագրուած պատմուածքով մը տուած եմ վերջապէս ֆրանսական-հայկական վարժարան յաճախելու երկուորեակներուս սխրանքին յուզիչ պատմութիւնը։ Խոստովանիմ, որ փոքր տարիքէս հայերէն լեզուին հանդէպ անսահման սէր կը տածէի, գուցէ անկէ զրկուած ըլլալուս պատճառով։ Կը փորձէի ձեռագիրս հասցնել իմ դասարանակից տղոց մակարդակին. անոնք սկսնակէս նուազագոյնը երեք տարուան առաւելութիւն ունէին։
Ֆրանսամէտ ուսման ծրագիրին մէջ յայտնի իրողութիւն է, թէ «ճէզուիթ» վարդապետները եւ ուսուցչական կազմը ինչպիսի՛ խստութիւն կը բանեցնէին «գալիկրաֆի» կոչուած ձեռագիրի գեղեցկութեան սիրոյն։ Մեծ եղբայրս ճեմարանին ամէնէն գեղեցիկ ձեռագիրը ունէր եւ իրեն յանձնուած էր խմորատիպ հրատարակութիւնը ծայրէ ծայր ընդօրինակելու պարտականութիւնը, զոր հպարտութեամբ կը կատարէր։
Տասնամեակներու ընթացքին մոռցեր էի ձեռագիրիս մակարդակը, մինչեւ որ վերջերս, 60ական թուականին պահած օրագրութեան տետրս, յիսուն տարուան յապաղումով ձեռքս անցաւ։
Աչքերուս չհաւատացի. այնքա՛ն համաչափ եւ դիւրընթեռնելի գեղեցիկ հայերէնով լեցուցեր էի ափրիկեան առաջին տպաւորութիւններէս բխող, ժամանումիս զուգադիպող փոթորկոտ կեանքիս ու զգացական խառնակ աշխարհիս տուայտանքը եւ բացայայտումը։
Իսկական բաց պատարագ…
Նախքան կաթուածը, յաճախ գրիչով կը նօթագրէի կամ կը գրէի գրական գործերս թէ թերթերու համար պատրաստած յօդուածներս, զգալո՛ւ համար պահը եւ բառերու ուժգնութիւնը։ Եւ քանի որ 1993ին համակարգիչի վրայ գրելու վարժութիւն ձեռք ձգեցի, ձեռագիրս կը մեքենագրէի՝ զայն խմբագրելէ ետք միայն։ Ինչպէս շատ հեղինակներ, գրական գործի մը վրայ աշխատած միջոցիս, կարեւոր չէ գինետունն եմ թէ աղօթատեղի, յանկարծ յայտնուող նոր գաղափար մը անմիջապէս, տեղւոյն վրայ գրի կ՛առնեմ։ Իսկ ներկայիս, երբ ստիպուած եմ մանկապարտէզցիի արագութեամբ ու անոր մակարդակով ձեռագրել, յաճախ դժուարութեան կը մատնուիմ գրածս կարդալու ընթացքին, եւ աչքերս երկինք յառելով՝ տաղանդաւոր գրչեղբօրս նման կը բացագանչեմ. «Տէ՛ր իմ, ձեռագիրս վերադարձո՛ւր…»: