«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Կան հարցեր, որոնց պատասխանները յայտնի են, գոնէ մեզի համար: Բայց եւ այնպէս, հարցախոյզի առաջադրանքով կը դիմենք ձեր օժանդակութեան, աւելի ճիշդը՝ ձեր մասնակցութիւնը կը հայցենք այս փորձին:
Ահա այսպիսի հարցումնaերու խումբ մը կը ներկայացնենք ձեր ուշադրութեան՝ խնդրելով, որ պատասխանէք անոնց եւ ձեր պատասխանները մեզի փոխանցէք համացանցի կամ թղթատարի միջոցաւ:
1) Ընդունելի՞ է ձեզի համար թուրք-հայ պատմագիտական յանձնախումբի մը կազմութեան գաղափարը, յանձնախումբ մը, որ ուսումնասիրութիւններ կատարելէ ետք, պիտի եզրակացնէ, թէ 1915-1923ի դէպքերը իրօք ցեղասպանութի՞ւն էին:
—– Այո
—– Ոչ
2) Համաձա՞յն էք, որ Հայաստան պաշտօնապէս ճանչնայ Թուրքիա-Հայաստան ներկայ սահմանները:
—– Այո
—– Ոչ
3) Կրնա՞ք համաձայն ըլլալ, որ Հայաստանի շրջափակման վերացումը Թուրքիան կապէ Արցախի հարցի լուծման հետ:
—– Այո
—– Ոչ
4) Թուրքիա-Հայաստան նոր արձանագրութիւնները ձեր կարծքիով ո՞ր երկրին համար նպաստաւոր են:
—– Թուրքիոյ
—– Հայաստանի
5) Համաձա՞յն էք, որ Թուրքիա-Հայաստան արձանագրութիւնները վաւերացուին Հայաստանի կողմէ:
—– Այո
—– Ոչ
Կ՛առաջարկենք բազմացնել այս հարցումները եւ քաջալերել ձեր շրջանակի մարդիկը, որ իրենք նոյնպէս պատասխանեն ու մեզի առաքեն իրենց պատասխանները:
Աս ալ մե՛ր կողմէ ձեռնարկուած ստորագրահաւաքի իւրայատուկ ձեւ մըն է:
Մեր e-mail-ի հասցէն է : editor@asbarez.com
1- no
2-no
3-no
4-Turkey
5-no
1- ՈՉ
2- ՈՉ
3- ՈՉ
4- Թուրքիա
5- ՈՉ
1-No
2-No
3-No
4-Turkey
5-No