ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
«Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» տրամաբանութեամբ Օգոստոս 31, 2009-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած երկու փրոթոքոլներու գործնականացումը պիտի հաստատագրէ հայ-թրքական սահմանը 1921ի Կարսի Դաշնագրի հիման վրայ, իսկ Ցեղասպանութեան հարցին պատմական ճշմարտացիութիւնը պիտի վստահուի ենթայանձնախումբի մը արժեւորման: Այսինքն՝ խիստ կը դժուարանայ, եթէ միանշանակ չի բացառուիր, որ Արեւմտահայաստանի հարցը կարելի ըլլայ ապագային, եւ պատմական մէկ յարմար առիթի, դնել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին: «Արեւմտահայաստանի հարց» ըսելով կը հասկնանք Հայկական Հարցին վերասահմանումը որպէս Հայ Դատ Ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ: Այսինքն՝ Թուրքիոյ կողմէ որպէս պետութիւն Ցեղասպանութեան պատմական պատասխանատուութեան ընդունումը, որուն հետեւանքով ալ բանակցութեանց նիւթ պիտի ըլլայ արդարահատոյցը ընդ որում նաեւ՝ պատմական հողերու վերադարձը:
Հայ Դատը այս կտրուածքով եւ տրամաբանութեամբ ընդունուած էր Սփիւռքին կողմէ: Քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ ՌԱ Կուսակցութիւնը այն ունէին իրենց ծրագիրներուն մէջ, վերածած էին նպատակի: «Մեծ Երազ»ը, ինչպէս Ռամկավար մտաւորական եւ քաղաքական գործիչ Գերսամ Ահարոնեան իր հանրածանօթ աշխատասիրութիւնը խորագրած էր, Սփիւռքի երեք հետեւողական սերունդներու ինքնութեան պահպանման ամենակարեւոր խթանը եղած էր: Պաղ Պատերազմի ժամանակ Սփիւռքի ներքին բաժանումը Հայաստանի խորհրդային վարչակարգին նկատմամբ դիրքորոշումը ունէր որպէս սահման: Այդ մէկն ալ, բնականաբար, ներգաղութային իշխանական պայքարի գաղափարախօսական արդարացման կը ծառայէր: Այլապէս Մեծ Եղեռնի Յիսնամեակը երեք քաղաքական կուսակցութիւնները իրարու մօտ չէր բերեր: Եւ, փաստօրէն, ներգաղութային իշխանական պայքարը չդադրեցաւ Յիսնամեակէն յետոյ, բայց նաեւ չխոչընդոտեց Հայ Դատի քաղաքականացման հոլովոյթը 1970-80ական թուականներուն:
Հակառակ սթալինեան հալածանքներուն, եւ մինչեւ 1965 Խորհրդային Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան հարցով տիրող պաշտօնական շատ իւրայատուկ «Մեծ Լռութեան», Արեւմտահայաստանը, որպէս հողային արդար պահանջատիրութիւն, արմատախիլ չէր եղած հայրենաբնակ հայութեան հաւաքական յիշողութենէն: Չէր կրնար ըլլալ, թէկուզ եւ միայն եթէ նկատի ունենանք թէ Խորհրդային Հայաստանի բնակչութեան մէկ կարեւոր հատուածը ինք ծագումով Արեւմտահայ էր: Ապրիլ 1965ին Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ հնչած «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» կոչը, եւ անոր յաջորդած երեք օրերը, որ, գործածելով Հոկտեմբեր 1917ի մասին լրագրող եւ հրապարակային գործիչ Ճոն Ռիտի ծանօթ գործին խորագիրը, «ցնցեցին Հայաստանը» շատ աւելի արմատականօրէն քան Նոյեմբեր 29ի ենթադրեալ «յեղափոխութիւն»ը: «Մեր Հողերը» կոչն էր որ 1970ական թուականներուն Հայաստանի մէջ, ե՛ւ այլախոհական ձեւաւորումով, ե՛ւ, մասնաւորաբար, մտաւորական մեծ ներդրումով, ե՛ւ ամբողջատիրական վարչակարգի թոյլ տուած սահմաններուն մէջ սկսած ժողովրդային զօրաշարժով, ծնունդ պիտի տար ազգային այն գործընթացին որ ի վերջոյ յանգեցաւ Փետրուար 1988ի «Միացո՛ւմ» պահանջին ու անոր հետեւանքին:
Արեւմտահայաստանը, այլ խօսքով, մղիչ ուժ եղած է միաժամանակ ազգապահպանման եւ քաղաքական զօրաշարժի ե՛ւ Սփիւռքի, ե՛ւ հայրենիքի մէջ: Ճիշդ է, քանի որ այն պետականօրէն չէ բանաձեւուած որպէս ծրագիր կամ արտաքին քաղաքականութիւն, հիմնականին մէջ ութոփիա էր: Այս յղացքը, սակայն, հակառակ «իրապաշտ»ութեան իր տրամագծային հակադրութեան, բնաւ զանցուած չէ որպէս քաղաքական տինամիքի էական տարր: Բրիտանացի պատմաբան Քարր, որ քաղաքականութեան Իրապաշտ դպրոցի հիմնահայրերէն կը նկատուի 1919-1939 տարիներու մասին իր Քսանամեակի Ճգնաժամը աշխատասիրութեամբ, «քաղաքագիտութիւնը» կը սահմանէ որպէս ութոփիայի եւ իրապաշտութեան միջեւ ճօճանակուող տինամիք: Հետեւաբար, կարեւոր է Արեւմտահայաստանի մասին խօսելով ի սկզբանէ յստակացնել Արեւմտահայաստանի ութոփիական ա՛յս բնոյթը որպէսզի բացայայտուի այն միանգամ ընդմիշտ որպէս անապատային տեսիլք բացառելու հակամիտ բոլոր փորձերուն «իրապաշտութեան» քաղաքականօրէն ոչ-անկողմնակալ բնոյթը:
Ճիշդ է, Արեւմտահայաստանի ութոփիական բնոյթին մասին քիչ կասկած կար ի սկզբանէ: Ի վերջոյ, նոյնիսկ Սփիւռքի զօրաշարժի ամենախանդավառ տարիներուն շատ դժուար էր անոր վերադարձի գործնականացման մասին նուազագոյն պատկերացում մը ունենալ: Առանց ուժական ազդակին, իմա՛ պատերազմի, Արեւմտահայաստանի վերադարձ կարելի չէր: Հետեւաբար, սպասելի էր, որ երբ Հայաստանը անկախացաւ, Արեւմտահայաստանի հարցը իր իրապաշտական մոմենտը ապրէր, այնպէս ինչպէս Քարր կը սահմանէ այդ պահը. Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի կարենար դիւանագիտական բանաձեւումը տալ ազգային հիմնախնդրի մը, չժխտել Արեւմտահայաստանի ութոփիական բնոյթին դերը ազգային գործընթացին մէջ, բայց եւ այնպէս շրջանցել այն ինչ կրնար ենթադրել անոր գործնականացումը՝ տագնապ Թուրքիոյ հետ, չըսելու համար թրքական զինուորական միջամտութեան պատճառաբանման բաց հրաւէր: Յայտնի է որ Թուրքիա այդ պատճառաբանութեան չսպասեց 1993ին Հայաստանի հետ իր սահմանը փակելու համար…
Իրապաշտութեան այդ պահը, պարզ է, հասկնալի եւ ընդունելի պիտի ըլլար համայն հայութեան կողմէ, ոչ մէկ քաղաքական ուժ պիտի մերժէր Արեւմտահայաստանի հարցին պետական քաղաքականութեան անհրաժեշտութեան թելադրանքէն մեկնած բանաձեւում մը տալ: Փոխարէնը, սակայն, ՀՀՇի քաղաքական եւ մտաւորական ներկայացուցիչներն ու ղեկավարները, անկախութեան առաջին տարիներուն, առաջադրեցին պատկերացումներ որոնք ազգային համախոհութիւն ստեղծելէ հեռու ծնունդ տուին պառակտումներու: «Երրորդ Ուժի Բացառում», «պրակմատիզմ», «պետական մտածողութիւն» եւ նման յղացումներ եկան պարզ եւ մէկին յուշելու, որ արդէն ձեւաւորուած է քաղաքական ամբողջ օրիենտացիա մը, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար անխուսափելի կը նկատէ սահմանային ներկայ դրութեան օրինական հաստատագրումը, թէկուզ եւ այն, ինչպէս Թուրքիա կը պահանջէ, ըլլայ Կարսի 1921ի համաձայնագրի հիման վրայ: Այլ խօսքով Կարսի 1921ի համաձայնագիրը, եւ ուրեմն՝ Արեւմտահայաստանէն հրաժարումը, կը նկատուէր «իրապաշտ»: Կրնայ անարդար ըլլալ, բայց արտաքին քաղաքականութեան ա՛յս ուղղուածութիւնը թէկուզ եւ իր միայն աշխարհագրական հասկացողութեամբ կարելի է սահմանել որպէս թրքական օրիենտացիա (արեւելում-խմբ.):
1998-2008 տասնամեակին, Քոչարեանի արտաքին քաղաքականութիւնը եկաւ ցոյց տալու, որ «իրապաշտ» ըլլալու այլ ձեւեր ալ կային: Հողային պահանջատիրութեան հիման վրայ արտաքին քաղաքականութեան ձեւաւորումը կրնար ռիսկային ըլլալ, բայց անկարելի չէր այդ մասին պարզապէս լռել: Դիւանագիտական նման «լռութիւն»ը կրնար ներքաղաքական իմաստով առիթ տալ խնդրի մասին մտածելու, եւ, ինչպէս Արա Պապեանի նախաձեռնութիւնը եկաւ ցոյց տալու, թերեւս Արեւմտահայաստանի ութոփիան կրնար այնքան ալ անպիտանի չըլլալ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար, նոյնիսկ անոր տալ պրակմատիզմի նոր հասկացողութիւն մը:
Բայց իրողութիւնն այն է, որ նոյնիսկ Քոչարեանի նախագահութեան տասնամեակին յատուկ ճիգ չեղաւ Արեւմտահայաստանի «իրապաշտութեան» պահը սահմանելու: Ընդհակառակը, նախորդ իշխանութիւններու վերոնշեալ թրքական օրիենտացիայէն տարրեր վերապրեցան Հայաստանի պետական քաղաքական մտածողութեան մէջ: Վերապրեցաւ, եւ երթալէն աւելի լկտիացաւ, մանաւանդ Արեւմտահայաստանի խնդիրը, եւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը ընդհանրապէս, հեգնանքի առարկայ դարձնելու «ազատամտութիւն» մը: Եւ այդ տարրերը, ըստ երեւոյթին, իրենց սաղմային բնոյթով այնքան կենդանի էին, որ ի վերջոյ բանաձեւուեցան որպէս քաղաքականութիւն ի դէմս «ֆութպոլային դիւանագիտութեան»:
Փաստօրէն, Օգոստոս 31, 2009ի փրոթոքոլներու արդարացման ճիգերը կրկին կը խօսին «պրակմատիզմ»ի անհրաժեշտութեան մասին: Այդ «պրակմատիզմ»ը այսօր, ի դէմս թրքական պայմանաւորումներուն, որ Սարգսեանի կառավարութիւնը յանդուգն կերպով… ընդունեց, Արեւմտահայաստանը ութոփիաթափ կրնայ ընել, «Մեծ Երազ»ը վերածել յաւերժական անուրջի: