ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Արմէնփրէս», «Անատոլու».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 64րդ նստաշրջանին մասնակցելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ ժամանած Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, իր առաջին հանդիպումը ունեցած է Ամերիկայի գլխաւոր հրէական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին էր «ADL»ի (Anti-Defamation League, Ընդդէմ վարկաբեկման միութեան) ղեկավար Ապրահամ Ֆոքսմէնը:
Հանդիպման ընթացքին ան շեշտած է կարեւորութիւնը Միացեալ Նահանգներու համանախագահութեամբ գործող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի մասնակցութեան՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ, եւ կոչ ըրած է խումբին, որ յաւելեալ ջանք թափէ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծում մը գտնելու զուգահեռ:
Էրտողանի հետ Նիւ Եորք ժամանած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տավութօղլու, տնտեսական հարցերով պետական նախարար Ալի Պապաճան եւ շարք մը այլ նախարարներ ու պատգամաւորներ: