ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ամենաառաջնահերթ ուղղութիւնն է, եւ անհնար է, որ Թուրքիոյ որեւէ քայլ հակասէ Ատրպէյճանի շահերուն, ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, «CNN-Turk» կայանին հետ Սեպտեմբեր 19ին սփռուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի հետ սահմանը շուտով բացուի: «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը կը հակասէ միջազգային սկզբունքներուն: Հարկաւոր է այս կապակցութեամբ քայլի մը նախաձեռնել: Այդ հակամարտութեան կարգաւորումը արագացնելու նպատակով, Թուրքիան նախաձեռնութեան մը դիմած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ: Բոլոր կողմերը, ներառեալ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, աշխուժօրէն կ՛աշխատին. եթէ կարենանք համատեղել մեր ջանքերը, ապա պիտի բացուին ոչ միայն հայ-թրքական, այլեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանները», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Անոր համաձայն, Կովկասի մէջ պահպանուող ներկայ իրավիճակը տարածաշրջանի երկիրներէն ոչ մէկուն ձեռնտու է: «Տուեալ իրավիճակին մէջ Կովկասի իրադրութիւնը դէպի լաւ փոխող նոր խաղացողի անհրաժեշտութիւնը կայ: Մինսկի խումբը 17 տարիներու ընթացքին չէ յաջողած այս առաքելութեան մէջ», նշած է Տաւութօղլու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.