* 1878 թուականէն սկսեալ Հայ ժողովուրդը Դատ ունեցած է: Մեր նախահայրերը աշխատած են եւ ներկայիս՝ մենք կ՛աշխատինք պաշտպանելու մեր Դատը, հողը, հայութիւնն ու ժողովուրդին իրաւունքները: 94 տարիներ անցած են եւ տակաւին կը պայքարինք, որպէսզի Ցեղասպանութեան ճանաչում ստանանք եւ մեր հողերը ետ գրաւենք: Սակայն, այս բոլոր աշխատանքներուն միջեւ Թուրքիան եւ Հայաստանը կը փորձեն բարելաւել իրենց յարաբերութիւնները: Մանաւանդ վերջերս, որոշած են առնել մեծ քայլեր՝ այս ընթացքը շարունակելու համար:
Բոլորս կ՛ապրինք շատ կարեւոր եւ պատմական օրեր: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի նախարարները եւ կառավարութիւնները համաձայնած են, որ վեց շաբթուան ընթացքին որոշումներ առնեն մեր հարցերուն մասին: Այս հարցերուն մաս կը կազմեն Ցեղասպանութիւնը, մեր հողերը Թուրքիոյ մէջ, նաեւ Թուրքիոյ հետ մեր սահմանները: Վեց շաբաթներու աւարտին կարելի է կորսնցնել մեր հարիւրաւոր աշխատանքները, զորս տարած ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հողային պահանջքին տիրանալու համար: Իսկ պատմաբաններ կրնան այն ուժը ունենալ Ցեղասպանութեան հարցը հիմնովին փակելու, ինչ որ Թուրքիոյ տասնամեակներու երազն էր: Հայաստանը նաեւ կրնայ Թուրքիոյ խաբեբայութեան զոհը դառնալ եւ համաձայնի, որ մեր հողերը մնան անոր երկրի սահմաններուն մէջ: Վերջապէս Թուրքիան իր սահմանները Հայաստանի հետ պիտի բանայ, եթէ Հայաստանը Ղարաբաղի անկախութեան համար չպայքարի: Ասոնցմէ ո՞ր մէկը մեզի համար օգուտ է, ո՞ր մէկը դրական արդիւնք պիտի ունենայ: Արդեօ՞ք այն հարցը, թէ՝ թոյլ տուած ենք, որ Ցեղասպանութիւնը վիճաբանելու նիւթ դառնայ, կամ այն որ կը համաձայնինք պահել մեր հողերը թշնամուն լուծին տակ:
Վայրկեան մը յիշենք մեր տեսած դաժան պատկերները, ինչպէս թուրքերը կ՛այրէին հայ կնոջ հագուստները, կամ կը մորթէին մեր ժողովուրդի արդար զաւակները: Յիշենք անօթութենէն ու ծարաւէն տառապած հայ մանուկներուն խեղճ պատկերները, կամ ամէնէն ահաւորը՝ ոսկորներու ու դիակներու դէզի մը առջեւ հպարտօրէն եաթաղանով կանգնած թուրք զինուորները: Թուրքերը մերժած են այս պատկերները եւ մինչեւ այսօր ալ կը մերժեն: Այս բոլորը իմանալով՝ ինչպէ՞ս կրնայ հայ մը թոյլատրել, որ Ցեղասպանութեան մեր հարցը լուծուի պատմաբաններու կողմէ: Պատմաբանը կրնայ իր ուզած որոշումը առնել: բայց հիմնական տուժողը մեր ցեղն: Ցեղասպանութիւն ըլլալը արդէն փաստուած է, ուրեմն պատմաբանը մեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնէ:
Մենք ճանաչում կը պահանջենք եւ ոչ անարդարութիւն: Կը վստահինք մեր հայրենիքին: Ուրեմն՝ անպայմա՛ն մեր իշանաւորներէն կը պահանջենք հայրենիքի բռնագրաւեալ հողերը վերադարձնել եւ ոչ թէ դաւաճանութիւն ընել անոնց հաշւոյն:
Ա՜հ, մեր պատմական հայրենիքը, որուն մէջ կը կանգնի մեր երկրի խորհրդանիշ՝ մեր գեղեցիկ Արարատը: Դժբախտաբար հիմա ան կը գտնուի թշնամիին ձեռքը: Այն թշնամին, որ քանդած է մեր վանքերը, եկեղեցիները, իսկ այսօր նոյն թշնամիին հետ բարեկամութեան ձեռք երկարած են մեր երկրի իշխանաւորները, առանց անոնց ներողութիւնը ու խոստովանութիւնը լսելու: Ընդհակառակը, այսօր պայմաններ դնողը նոյնինքն՝ թշնամին է: Կը սպառնայ մեր պետութեան, որ ինք երբե՛ք Ցեղասպանութեան նիւթն անգամ պիտի չլսէ, եւ տակաւին իր եղբօրը՝ Ատրպէյճանին, գոհացնելու համար ալ խոստումներ կը ստանայ:
Միշտ պահանջած ենք մեր հողերը, մեր ձայնը բարձրացուցած ենք եւ բողոքած ենք, բայց հիմա կ՛ապրինք այն վախը, որ կրնանք այդ բոլորը կորսնցնել: Մեր գործը աւելի կը դժուարանայ հիմա: Պէտք է աւելի ջանք թափենք, որպէսզի մէկ թուղթի ստորագրութեամբ մեր ազգային իրաւունքները մեզմէ չառնուին:
Տասնվեց տարիներէ ի վեր Թուրքիա իր սահմանները փակած է Հայաստանի հետ: Հիմա կ՛ուզէ վերստին բանալ այդ սահմանները՝ որոշ պայմաններով: Անշուշտ դէմ չեմ սահմաններու բացումին, որպէսզի Հայաստանի ժողովուրդին տնտեսական պայմանները բարելաւուին: Սակայն Հայաստանի իշխանութիւնը ինք եւս Ազգային իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան պահպանման համար պայմաններ պէտք է դնէ: Այսպիսով ան կրնայ իր ուժը ցոյց տալ, եւ թշնամիին ժխտական ազդեցութիւնը կը նուազի ինքնաբերաբար:
Ժամանակը շուտ կը սահի եւ սփիւռքի հայ երիտասարդութեան, գաղութներուն ու Հայ Դատի յանձնախումբերուն գործը կը դժուարանայ: Մօտաւորապէս 3 շաբաթուան ժամանակ ունինք բոլորս միասին աշխատելու՝ գաղափարական տարբերութիւնները անտեսելով, որպէսզի կարենանք ազգային այս շատ կարեւոր հարցերուն համար մեր արդար պահանջքի ձայնը բարձրացնել ամէն տեղ եւ անպայման ջանք թափել՝ յօգուտ մեր ազգին ու հայրենիքի վերելքին:
ՓԱԹԻԼ ՄԱԼԱԹԵԱՆ (11րդ կարգ)
* Հայաստան եւ Թուրքիա, որ մօտաւորապէս 100 տարիէ ի վեր դառն թշնամիներ են, որոշած են դիւանագիտական յարաբերութեան քայլ մը առնել: Վեց շաբաթ խօսելէ ետք, երկու երկիրները պիտի ստորագրեն համաձայնութեան նախագիծեր: Առաջինը կ՛ըսէ, որ երկու երկիրները դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունենան, իսկ երկրորդը՝ երկկողմանի կապեր հաստատեն իրարու հետ:
1993 թուականին, Ղարաբաղի յաղթանակէն ետք, թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանները գոցուեցան: Սեպտեմբեր 6, 2008 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ նախագահը՝ Ապտուլլահ Կիւլը, այցելեց Հայաստան, Աշխարհային Ֆութպոլի խաղը դիտելու համար Հայաստանի նախագահին հետ: Այս առիթով երկու նախագահները որոշեցին իրենց քաղաքական յարաբերութիւնները բարելաւել եւ սահմանները նորէն բանալ:
Այս բանակցութիւններուն մէջ երբեք մաս պիտի չկազմեն հայերու եւ Թուրքիոյ թշնամութեան զգացումները՝ 1915ի Ցեղասպանութեան գծով, եւ պիտի ըլլան միայն երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններ:
Թուրքիա իր շրջանին մէջ ունի շատ մեծ ազդեցութիւն: Հայաստանի նախագահը իր սահմանները բանալով՝ պիտի կարենայ իր քաղաքականութիւնը զարգացնել:
Հայերը տարբեր կարծիքներ ունին այս նիւթին շուրջ: Թէեւ յարաբերութիւնները պիտի լաւանան, կրկին յիշենք Ապրիլ 24, 1915ի ողբերգական Ցեղասպանութիւնը, ուր մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդուեցան: Հայերը մօտաւորապէս մէկ դար փորձած են աշխարհին եւ մանաւանդ Թուրքիոյ ընդունիլ տալ այս ահաւոր իրականութիւնը, սակայն Թուրքիան միշտ մերժած է իր կատարած ցեղասպանական արարքին պատասխանատուութիւնը ընդունիլ ամբողջ աշխարհին առջեւ:
Իմ կարծիքով այսպիսի դիւանագիտական յարաբերութիւններ պէտք չէ ստեղծեն երկու երկիրները, եթէ Ցեղասպանութեան նման դէպք մը պատահած է, եւ թշնամի երկիրը անիկա ըրած է ծրագրուած ձեւով, տարիներ առաջ, եւ տակաւին կը շարունակէ այս ցեղասպանական արարքը՝ զայն մինչեւ այսօր մերժելով:
Թուրքիան նախ պէտք է ընդունի իր կատարած Ցեղասպանութիւնը ու ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն եւ մանաւանդ՝ պէտք է հատուցում կատարէ անոր համար:
ՍԻՆԹԻԱ ՔՈՍԱՆ (11րդ կարգ)