Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ գեղանկարիչ Ժան Գազանճեանի ստեղծագործութիւններուն նուիրուած հատորին ներկայացումը, ինչպէս նաեւ անոր նոր գործերուն ցուցադրութիւնը:
Հատորը պիտի ներկայացնէ USC համալսարանին մէջ համեմատական գրականութեան դասախօս Կլորիա Օր-ինսթին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի ՀԲԸՄի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ (2495 E. Mountain St.): Տեղի պիտի ունենայ նաեւ գիրքի մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.