Հայ այնթապցիներու մշակութային միութեան վարչութիւնը իր հերթական ժողովը գումարեց Օգոստոս 12ին եւ երկամեայ շրջանի մը համար ընտրեց իր նոր դիւանը՝ հետեւեալ կազմով. Երուանդ Պապայեան (նախագահ), Աւետիս Տէմիրճեան (ատենապետ), Սարգիս Պալմանուկեան (ատենադպիր), Աստղիկ Խանճեան (գանձապահ), Փրլա Քոթոյեան (արխիւներու պատասխանատու): Իբրեւ խորհրդական վարչութեան մաս կը կազմեն՝ Սիրվարդ Ապաճեան, Թագուհի Արզումանեան, Անժէլ Պապիկեան, Շաքէ Սէֆէրեան, Եդուարդ Պարսումեան, Յարութիւն Կարապետեան եւ Սարգիս Մահսէրէճեան:
Վարչութեան գլխաւոր նպատակը եղած է ու կը մնայ՝ պահպանել մեր արմատները, յարգել մեր նախնիներուն յիշատակը եւ սատարել հայ լեզուի ու մշակոյթի տարածման, Միացեալ Նահանգներուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.