ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով, որ աշխատանքային այցով ներկայիս կը գտնուի Նիւ Եորք, հանդիպում ունեցած է նոյն քաղաքը գտնուող իր թուրք գործընկեր Ահմէտ Տաւութօղլուի հետ:
Երկու նախարարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու համագործակցութեան ոլորտներուն վերաբերող հարցեր: