ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Հայրենիք».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2009ին, յատուկ ժամադրութեամբ մը, Ուաշինկթընի ՀՀ դեսպանատուն այցելեցին ԱՄՆ Արեւելեան շրջանէն ժամանած յարանուանութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք դեսպան Թաթուլ Մարգարեանին փոխանցեցին իրենց մտահոգութիւնները՝ հրապարակուած հայ-թուրք արձանագրութիւններուն առնչութեամբ:
Սփիւռքի այլ գաղութներու նման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու նորագոյն զարգացումները, իրենց ստորագրուած արձանագրութիւններով, ընդվզումի ալիք մը ստեղծած եւ տագնապ յառաջացուցած են նաեւ շրջանի ամերիկահայ համայնքէն ներս:
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Առաջնորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմէն, Առաջնորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմէն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եքզարքութիւնէն, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութենէն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Համազգային մշակութային Միութեան, Հայ Օգնութէան Միութեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներէ:
Դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող այս տեսակցութեան, լսեց այցելող պատուիրակութեան մտահոգութիւնները: Տեսակցութեան աւարտին, պատուիրակութիւնը դեսպանատան յանձնեց բողոք-նամակ մը: Ստորեւ՝ բողոք-նամակին բովանդակութիւնը.-
Յարգարժան Պարոն Մարգարեան,
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց ծիրէն ներս հրապարակուած արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ յառաջիկային տեղի ունենալիք բանակցութիւնները, ինչպէս Սփիւռքի այլ գաղութներէն ներս, նոյնպէս ամերիկահայ գաղութէն ներս ստեղծած են լուրջ կացութիւն, տագնապ, ընդվզում եւ բողոք:
Լաւապէս ընդունելով հանդերձ դիւանագիտական յարաբերութեանց կարեւորութիւնը եւ ամէն մարզէ ներս Հայրենիքի զարգացումն ու հզօրացումը, այսու կը յայտնենք մեր խոր մտահոգութիւնները հետեւեալ կէտերուն առնչութեամբ.-
Ա.- Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բանակցութիւններու ճամբով եւ պատմական հարթութիւններու քննարկումով անընդունելի է բոլորիս կողմէ: Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիայէն առաջին եւ հիմնական պահանջքն է, որ նախապայմանը կը կազմէ որեւէ յարաբերութեան եւ բանակցութեան:
Բ.- «Տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան» եւ հաստատումը եւ ընդունումը կը հասկնանք միայն հրաժարում պահանջատիրութենէ: Տակաւին, անիկայ անմիջականօրէն եւ խորապէս կապուած է Արցախին եւ ազատագրուած հողերու ամբողջականութեան, որ ամբողջ հայութեան հիմնահարցն է:
Յանուն Հայ ժողովուրդի ներքին միասնականութեան, Հայաստանի պետականութիւնը, Մայր Հայրենիքի մեր ժողովուրդը եւ ամբողջ Սփիւռքի հայութիւնը անառարկելի պարտաւորութիւնը ունինք գործելու մեր ազգային գերագոյն շահերուն հաշւոյն, ամրապնդելով մեր Հայրենիքի անվտանգութիւնը եւ տէր կանգնելով նահատակներու անժամանցելի դատին:
Առաջնորդութիւն Հայ.
Առաքելական Եկեղեցւոյ
Արեւել. Թեմին
Առաջնորդութիւն Հայ.
Առաքելական Եկեղեցւոյ
Արեւմտ. Թեմին
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եքզարքութիւն
Հայ Աւետարանական
Եկեղեցիներու Միութիւն
Հայ Յեղափոխական
Դաշնակցութիւն