Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդական կազմակերպութեան երէց մասնաճիւղերու Մարզական շաբաթավերջի խաղերը տեղի ունեցան «Հանթինկթըն պի»չի մէջ, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11-13ի միջեւ:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6ին: Նկատի ունենալով, որ Սեպտեմբեր 11ը 8րդ տարելիցն էր Միացեալ Նահանգներուն մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումներուն, յատուկ աղօթք կատարուեցաւ նաեւ զոհերու յիշատակին: 8 երիտասարդներ իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած էին մէկական մոմ: Մարզական խաղերը շարունակուեցան Շաբաթ օրը, իսկ երեկոյեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Ֆէսճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս: Խաչվերացի տօնին օրը՝ Կիրակի, Սեպտեմբեր 13ին երիտասարդներ ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագի արարողութեան: