ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի Արփա հիմնարկին կազմակերպած շարժապատկերի «Արփա» միջազգային 12րդ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 23էն 25ի միջեւ, որուն ընթացքին, Հոլիվուտի պատմական «Իճիփշըն» սրահին մէջ պիտի ցուցադրուին աւելի քան 50 շարժապատկերներ, տեղի պիտի ունենան հաւաքոյթներ ու աւարտին՝ մրցանակաբաշխութիւն:
Ցուցադրուող շարժապատկերներուն շարքին է Հայկ Ղազարեանի «Venezzia»ն, որ Հոկտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին սկսող բացման արարողութենէն ետք, ժամը 8ին, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրուի Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
Ցուցադրութեան ներկայ պիտի ըլլայ բեմադրիչը եւ երկու գլխաւոր դերասանները, որոնք Մեքսիքայի մէջ ամենամեծ ժողովրդականութիւն վայելող դերասաններէն են: Բացման արարողութեան հանդիսավարն է Ճիլ Սիմոնեանը: Ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն: Տոմսերու համար դիմել www.affma.org համացանցային կայքը:
Այլ յատկանշական գործերէն մէկն է քանատաբնակ Նորա Գէորգեանի «Այնճար. Ծաղիկներ, Այծեր եւ Հերոսներ» վաւերագրական ժապաւէնը:
Պիտի ցուցադրուին նաեւ 2010 «Օսքար»ներուն Հայաստանը ներկայացնող պաշտօնական շարժապատկերը՝ «Կոմիտաս հայրիկ»ը եւ Իտալիա հաստատուած Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողներու մասին պատրաստուած «Յուշեր»ը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիա մնացած ու իսլամացած հայերու մասին «Փսփսացող յուշեր»ը:
Կարճատեւ ֆիլմերու շարքին է նաեւ Ցեղասպանութեան վէրքին առնչուող Ալեքս Ուէպի «Հովը», որուն գլխաւոր դերասանն է Օլիմփիա Տիւքաքէս, ինչպէս նաեւ Շանթ Համասեանի «Spaceman on Earth»ը, որ ցուցադրուած էր այս տարուան Քաննի փառատօնին:
Պիտի ցուցադրուին նաեւ համշէնահայերէնով արտադրուած առաջին ֆիլմը՝ թուրք բեմադրիչ Էօզքան Ալփերի «Աշուն»ը, ինչպէս նաեւ Կրէկ Լալազարեանի «Չէյսինկ Զայքովսքի»ն:
Մարդկային իրաւանց ու ընկերային արդարութեան համար կարեւոր ներդրում ունեցած շարժապատկերին յատկացուող «Արմին Թի. Վենկըր» մրցանակը այս տարի պիտի շնորհուի իսրայէլեան «Ձայներ ներսէն. Իսրայէլացիները կը խօսին» վաւերագրական գործին:
Նաեւ, փակման արարողութեան ընթացքին, «Արփա» հիմնարկի մրցանակը պիտի տրամադրուի Հայ կրթական հիմնարկութեան, որուն հայաստանեան գործունէութեան մասին Սեւակ-Վրէժի պատրաստած շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի այս առիթով:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսերու համար դիմել (323) 663-1882 թիւին կամ այցելել www.affma.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.