Հինգշաբթի, 24 Սեպտեմբերին, ղըպտիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Նորթրիճ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու՝ Ղըպտի ուղղափառ, Ասորի ուղղափառ եւ Հայց. առաքելական եկեղեցիներու, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու թեմակալ առաջնորդներու՝ Սրապիոն եպիսկոպոսի, Եուճին Քափլանի եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ինչպէս նաեւ երեք եկեղեցիներու հոգեւորականներուն տարեկան միօրեայ հանդիպումը՝ հիւրընկալութեամբ առաջնորդ Սրապիոն եպիսկոպոսի։
Առաջնորդները համատեղ մատուցեցին Ս. պատարագը, իւրաքանչիւր եկեղեցի իր շարականներով եւ աղօթքներով մասնակցելով անոր: Ապա տեղի ունեցաւ հոգեւոր դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ղըպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն մին, նիւթ ունենալով Ս. խաչին իմաստն ու զօրութիւնը։ Օրուան բանախօսը լուսաբանեց, թէ Ս. խաչը ինչպէ՞ս բացատրած են Արեւելեան եկեղեցիներու հայրերը՝ իրենց գրութեանց մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.