ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հիւսիսային Ամերիկայի հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր երգերու յանձնախումբի համանախագահներ Լուսին Աղպապեան-Հապըրտի եւ Հրանդ Աղպապեանի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութիւն-հիւրասիրութեամբ, Լոս Անճելըսի Սեպտեմբեր 15ին տեղի ունեցած ընթրիքի մը ընթացքին կատարուեցաւ միութեան հոգեւոր երգերու նոր հատորին շնորհահանդէսը:
788 էջնոց, երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) նոր հրատարակութիւնը խմբագրած են Լուսին Աղպապեան-Հապըրտը եւ Հրանդ Աղպապեանը: Հատորին 435 էջերը տրամադրուած են հոգեւոր երգերու, շարականներու, իսկ մնացեալը՝ աղօթքներու եւ հոգեւոր ընթերցումներու:
Շնորհահանդէսին ընթացքին գնահատուեցան բոլոր անոնք, որոնք իրենց ժամանակն ու տաղանդը տրամադրած էին իրականացնելու համար այս հրատարակութիւնը: Ձեռնարկը աւարտեցաւ հոգեւոր երգերու կատարողութեամբ: