Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄի Կլէնտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղին, Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11ին, ՀԲԸՄի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հէրի Գունտաքճեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին լուսանկարիչին 50 տարիներու գործերէն ամէնէն հետաքրքրականները: Հաւաքածոյին մէջ ներառուած էին աշխարհի ղեկավարներու, բնական աղէտներու եւ հայկական թեմաներով տարբեր լուսանկարներ։
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայկ Մսըրլեան, որ ներկայացուց Գունտաքճեանը՝ իբրեւ հմուտ լուսանկարիչ, եւ շեշտեց, որ ան տիպար հայ մըն է։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Գունտաքճեան, որ ներկաներուն հետ բաժնեց իր 50 տարիներու յուշերը։ Այս ժամանակաշրջանին ան այցելած է 37 երկիրներ եւ ծանօթացած է քաղաքական անձնաւորութիւններու՝ նախագահներու, թագուհիներու, թագաւորներու։
Ապա ՀԲԸՄի Կլէնտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղի ատենապետ Շահէ Սէօլէմէզեան յուշատախտակ մը յանձնեց Գունտաքճեանին։
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀԲԸՄի երիտասարդական ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ որբանոցներու՝ ի յիշատակ Հերի եւ Այտա Գունտաքճեաններու հայրերուն, որոնք ՀԲԸՄի վեթերաններ եղած են: