«Արմէնփրէս».- Ըստ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Նաթալիա Տիմաքովայի, ՌԴ նախագահ Տմիթրի Մետւետեւ Մոլտովա այցելութեան ընթացքին, Հոկտեմբեր 8ին, եռակողմ հանդիպում մը պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ:
Ռուսիոյ նախագահի վարչակազմէն այլ աղբիւրի մը համաձայն, «Այդ հանդիպումէն բեկումնային ոչինչ կը սպասուի, անիկա հերթական քայլ մըն է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ»:
Իսկ համաձայն ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ֆիլիփ Կորտընի, Ուաշինկթըն նախագահներուն միջեւ կայանալիք հանդիպումէն արդիւնաւէտութիւն կ՛ակնկալէ: «Մենք յոյսով ենք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ վերջերս արձանագրուած առաջընթացը շօշափելի արդիւնքներ պիտի բերէ Քիշինեւի հանդիպման ընթացքին», նշած է ան եւ հաստատած, թէ ԱՄՆ վարչակազմը հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէ այդ նպատակին հասնելու համար:
«Միացեալ Նահանգները վճռականօրէն պիտի շարունակէ աջակցութիւնը ղարաբաղեան գործընթացին: Մենք շահագրգռուած ենք տարածաշրջանի անվտանգութեամբ եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումով: Կը կարծեմ, որ հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է, իսկ ԱՄՆ պատրաստ է օժանդակելու անոր», աւելցուցած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.