ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Ասպարէզ» օրաթերթի 101րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ այսօր՝ Հինգշաբթի օր, Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ ՀՅԴ Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի բազմամեայ գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը վարած Նազարէթ Պէրպէրեանը:
Աթէնքէն ժամանող Պէրպէրեանը պիտի ըլլայ Կիրակի օր տեղի ունեցող «Ասպարէզ»ի 101րդ տարեդարձի տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսը:
Տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Բաղրամեան» սրահին մէջ, Մոնթեպէլլօ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմս ապահովելու համար, հեռաձայնել խմբագրատուն՝ 323-284-9222 թիւին: