ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Իբրեւ քարիւղի կամ բնական կազի յատկանշական պաշարներ չունեցող երկիր մը, Հայաստան գրեթէ ամբողջութեամբ ներածումներէ կախեալ է: Յատկապէս այս օրերուն, երբ ուժանիւթի միջազգային գիները կը շարունակեն բարձրանալ, Հայաստանի համար ուժանիւթ ապահովելու այլընտրանքներուն փնտռտուքը յոյժ կարեւոր է, յատկապէս՝ վերանորոգ ուժանիւթի մարզէն ներս:
Այս մտահոգութեամբ, Ամերիկահայ ճարատարգէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը կազմակերպած է աշխատանիստ մը, ուր պիտի ներակայացուին վերանորոգ ուժանիւթի կարելիութիւնները քննելու նպատակով հիմնուած յատուկ հիմնադրամի ուսումնասիրութեանց արդիւնքները:
Աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2009ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 9: Ելոյթներ պիտի ունենան Հայաստանի ուժանիւթի փոխնախարար Արեգ Գալստեան եւ շարք մը մասնագէտներ:
Աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ «Փարսընզ» ընկերութեան շէնքի «Քլինթ» սրահին մէջ (100 W. Walnut St.):