Կիրակի, 4 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Պէվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, փակ դռներու ետին, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Սոյն հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, եւ յանուն թեմի ժողովականութեան ու ժողովուրդին՝ իր մտահոգութիւններն ու մտածումները փոխանցեց նախագահին։
Սրբազան հայրը նշեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նախաստորագրուած համաձայնագիրները արդարօրէն մտահոգութեան ալիքներ բարձրացուցած են հայութեան մէջ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի զաւակներուն մօտ. հասարակաց մտահոգութիւնը սպասելի էր, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ են համահայկական հիմնահարցեր, ինչպէս՝ Ցեղասպանութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի մեր իրաւատիրութիւնը, Արցախի գոյավիճակը եւ յարակից հարցեր։
Սրբազան հայրը Հայաստանի նախագահին ուղղած իր խօսքը այսպէ՛ս աւարտեց.
«Սիրելի՛ պրն. նախագահ,
Մեր ակնկալութիւնն է, որ Ձեր այցելութեան աւարտին, Սփիւռքի հայութեան մտահոգութիւններն ու տեսակէտները լսելէ ետք, մեր նահատակներու կտակի հաւատարմութեամբ, նախքան «որեւէ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը», յանդորրութիւն մտաց՝ սրտբաց կոչ ուղղէք մեր ժողովուրդին, ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի, փարատելու համար որեւէ մտահոգութիւն՝ հաւաստիացնելով եւ խոստանալով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, մեր արդար իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը եւ Արցախի իրաւավիճակը անսակարկելի են, եւ Վարդանանց ոգիով շեշտէք, թէ՝ «Այս սկզբունքներէն եւ իրաւունքներէն ոչ ոք կրնայ խախտել մեզ կամ հեռացնել»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.