ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Հոկտեմբեր 9ին, Երեւանի քաղաքապետարանին ներկայացուցած է «Շարլ Ազնաւուր» հրապարակին վրայ Հոկտեմբեր 16ին հանրահաւաք իրականացնելու մասին դիմում մը, որ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ քննարկուած է Հոկտեմբեր 12ին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Թաթուլ Յարութիւնեանի մասնակցութեամբ, ապա՝ արգիլուած, պատճառաբանելով, որ նոյն օրը եւ նոյն ժամուն, նոյն հրապարակին վրայ այլ ձեռնարկ մը պիտի կայանայ։
Արմէն Ռուստամեանի հաւաստումով, սակայն, քաղաքապետարանին ընդունած որոշումը օրէնքի խախտում է, որովհետեւ արգիլելու պարագային, պէտք է առաջարկուէր այլընտրանք մը. բան մը, զոր չէ ըրած քաղաքապետարանը:
«Անյայտ է, թէ որ կազմակերպութիւնն է մեզանից առաջ դիմել եւ պատրաստւում է նոյն օրը, նոյն ժամին միջոցառում անցկացնել Ազնաւուրի հրապարակում: Առնուազն Երեւանի քաղաքապետարանի կայքում, այդ մասին, մերժման պահին որեւէ տեղեկատուութիւն չկար», նշած է Ա. Ռուստամեան եւ վստահեցուցած, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախաձեռնած հանրահաւաքը պիտի կայանայ՝ անկախ քաղաքապետարանին որոշումէն։ Ան կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն մասնակցելու հանրահաւաքին:
Յիշեցնենք, որ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 16ին, երեկոյեան ժամը 6:00ին: