ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Էն.Էս.».- Հակառակ անոր, որ Թուրքիա կը յայտարարէ, թէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները ի վնաս Ատրպէյճանի պիտի չըլլան, այնուամենայնիւ Ատրպէյճանի մէջ որոշ հատուած մը ընդվզած է։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նաեւ համոզում յայտնած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը կը սպառնայ Ատրպէյճանը մինակ ձգել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման խնդիրին մէջ։
Ատրպէյճանի մամլոյ հրապարակումներուն համաձայն, հակառակ թրքական բազմաթիւ երաշխիքներուն, թէ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը կապուած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հետ, Ալիեւ յայտնած է, որ իրադարձութիւններու ներկայ զարգացումը զինք չ՛ուրախացներ։
Ալիեւ յայտնած է «Ատրպէյճանի շահերը նկատի չառնող» Թուրքիոյ վաճառուող կազին գինը մէկ խորանարդ մեթրի համար 120էն 350 տոլարի բարձրացնելու մասին: «Ատրպէյճան տարեկան 7 միլիառ խորանարդ մեթր կազ կը վաճառէ Թուրքիոյ։ Այս կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան տարեկան մէկ միլիառ տոլար կը նուիրէ Թուրքիոյ՝ ներկայ իրադարձութիւններու լոյսին տակ։ Ինչո՞ւ Պաքու պէտք է շարունակէ այսպիսի նուէր մը ընել Անգարային», մատնանշած է Ալիեւ։