ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւնները հետզհետէ կը լարուին եւ Իսրայէլի մէջ որոշ շրջանակներ արդէն իսկ սկսած են Թուրքիոյ դէմ սպառնալիքներ ընելու՝ դիտել տալով, որ անոնք կրնան նեցուկ կանգնիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման։
Ինչպէս յայտնի է, վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան շարունակ Իսրայէլը կը քննադատէ Կազայի մէջ սպաննուած պաղեստինցիներու հարցով։
Իսրայէլեան նշանաւոր «Ճերուզալէմ փոսթ» թերթը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13ի իր խմբագրականին մէջ կը պնդէ, որ Թուրքիա ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի աղբանոց նետուին Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները։ Իսրայէլեան թերթը նաեւ կը գրէ Թուրքիոյ ու հիւսիսային Իրաքի մէջ թուրք զինեալ ուժերուն ձեռքով սպաննուած քիւրտերուն մասին, նշելով, որ սպաննուած պաղեստինցիներուն թիւը սպաննուած քիւրտերուն թիւէն աւելի բարձր չէ։