ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Պուրսայի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան, «Սի.Էն.Էն. Թուրք» հեռատեսիլի կայանի թղթակիցին հետ զրուցելով՝ խօսած է իր սփիւռքեան ուղեւորութեան ընթացքին դիմագրաւած դժուարութեանց մասին:
Այս լուրը կու փոխանցէ «Հիւրրիյէթ»ը, առանց անշուշտ մանրամասնելու, թէ ինչպէ՛ս ընթացած է այս զրոյցը, որուն ընթացքին, Հայաստանի նախագահը գանգատած է Սփիւռքի մէջ իր գտած վերաբերմունքէն եւ հայ-թրքական արձանագրութեանց ստորագրման դէմ տեղի ունեցած ցոյցերէն:
«Ես այս շրջագայութեան դուրս եկայ ոչ թէ անոնց արտօնութիւնը ստանալու համար. ես գացի, որպէսզի անոնց տեղեկացնեմ Հայաստանի կառավարութեան որոշումին մասին», յայտնած է նախագահ Սարգսեան՝ իր այս անտեղի խոստովանութեամբ, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, լծուելով Սփիւռք-Հայաստան ճեղքը ստեղծելու թրքական պետական մակարդակով գործող քարոզչական մեքենային:
Անցեալ Շաբաթ օրուան ուղերձի ոգիին ու տառին խոտոր համեմատող այս յայտնութիւնը, բացի վիրաւորական ըլլալէ, քաղաքականօրէն անհասկնալի ու անարդարանալի կը գտնենք:
Ի՞նչ կ՛ուզէր շահիլ Հայաստանի նախագահը Թուրքիոյ հանրութեան առջեւ նման յայտարարութիւն կատարելով: Կ՛ուզէր ապացուցել ինքնուրոյն որոշում կայացնելու իր կարողութի՞ւնը: Ո՞վ էր ատիկա կասկածի ենթարկողը:
Գուցէ կ՛ուզէր յաչս հարեւան երկրի հասարակութեան, չհասկցող կամ քաղաքականօրէն տգէտ Սփիւռքի մը պատկերով ներկայացնել սեփական ժողովուրդին մեծագոյն հատուածը:
Թերեւս ալ պարզապէս, այս ձեւով, զղջում կը յայտնէր իր անցեալ Շաբաթ օրուան ուղերձին գծով, ուր ան համայն հայութեան համար սկզբունքային դիրքորոշումներ բանաձեւած էր: Հաւանաբար, Կիւլ յանդիմանեց զինք իր այդ դիրքորոշումներուն համար, որոնք, քիչ մնացած էր, որ խանգարէին արձանագրութեանց ստորագրումը:
Մենք վիրաւորուած ենք նախագահ Սարգսեանի այս խօսքերէն:
Վիրաւորուած ենք սահմաններու փակուած պահուելու պարագային՝ Թուրքիա չերթալու իր՝ հայաստանի նախագահի, խօսքը դրժած ըլլալուն համար:
Վիրաւորուած ենք թրքական բոլոր դաւերուն զոհ դառնալու իր պատրաստակամութեան համար: