ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- «Հակամենաշնորհային կարգաւորման մասին» նոր օրէնքի նախագիծի հեղինակ, ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան եւ «Պոլիտէկոնոմիա» քաղաքական, տնտեսական, իրաւական հետազօտութիւններու հիմնարկի (ՀԿ) ներկայացուցիչները, Հոկտեմբեր 15ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին յայտնած են, թէ Հայաստանի տնտեսութիւնը պէտք է հրաժարի մենաշնորհային քաղաքականութենէն։
Նշենք, որ նոր օրէնքի նախագիծը կ՛ենթադրէ տնտեսական մրցակցութեան ամբողջ համակարգի փոփոխութիւն, որովհետեւ, ըստ ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի, մենաշնորհը դարձած է մեր տնտեսութեան անբաժան բաղադրիչը. «Սեփականութեան իրաւունքի ձեռքբերումը գերազանցապէս պայմանաւորուած է եղել քաղաքական իշխանութեամբ», ըսած է պատգամաւորը եւ աւելցուցած, թէ տնտեսական նման համակարգի պարագային, անիմաստ է ազատ մրցակցութեան մասին խօսիլը, իսկ միակ ելքը, ըստ անոր, համակարգային փոփոխութիւնն է, որուն հասնելու համար պէտք է կիրառել նոր օրէնքի նախագիծը, որ պետական եւ հանրային վերահսկողութեան նպատակով, կ՛առաջարկէ ստեղծել պետական նոր մարմին՝ օժտուած լայն իրաւունքներով:
Բանախօսները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են գործող ազատ մրցակցութեան պաշտպանութեան առաքելութեամբ օժտուած երկու պետական յանձնաժողովներուն հանդէպ, որոնք ըստ օրինագիծի ստեղծման աշխատանքային խումբի ղեկավար, «Պոլիտէկոնոմիա» հիմնարկի նախագահ Անդրանիկ Թեւանեանի, աւելի շատ փաստաբանի դեր կը կատարեն, յայտարարելով, թէ շուկային մէջ ամէն ինչ բնական հունի մէջ է: «Մարդիկ լուրերով յայտարարում են, թէ գներն ինչո՞ւ են բարձրացել եւ դա անում է յանձնաժողովը, այլ ոչ թէ տնտեսվարողը», նշած է Թեւանեան:
Իսկ Արծուիկ Մինասեանի համոզումով, նոյնինքն մենաշնորհի տէրերն են շուկային մէջ խաղի կանոնները որոշողը: «Այս կամ այն պիզնէսը պատկանում է որեւէ անձի եւ առանց նրա գիտութեան՝ որեւէ մէկը չի կարող մտնել այդ շուկան», ըսած է ՀՅԴ պատգամաւորը:
Ըստ բանախօսներուն, հակամենաշնորհային նոր օրինագիծի վերջնական ճակատագիրը պիտի որոշեն խորհրդարանական ուժերը, իսկ որպէսզի ԱԺ գործարար պատգամաւորները քուէարկեն յօգուտ այդ նախագիծին, ըստ դաշնակցական պատգամաւոր Արա Նռանեանի, բաւարար քաղաքական աշխատանք տարուելու պարագային, անոնց կարելի է համոզել, որ առաջարկուող փոփոխութիւնները ի նպաստ իրենց են։