ՀՐԱՆԴ ՔՀՆՅ. ԵՐԷՑԵԱՆ
Հոկտեմբեր ամիսը հայոց պատմութեան էջէրուն մէջ յատկանշուած է հայ մշակոյթին նուիրուած հոգեւոր եւ աշխարհիկ տօնակատարութիւններով՝ նուիրուած հայ գիրերու գիւտի մեծասքանչներուն՝ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի, ինչպէս նաեւ Վռամշապուհ արքայի եւ մեր Թարգմանչաց վարդապետներուն, որոնց նուիրական աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, կերտուեցաւ մեր ազգային ինքնութիւնը:
Կիրակի, 11 Հոկտեմբերին, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, տարիներու սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս հրաւէրովը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ Հոգաբարձութեան, եւ կազմակերպութեամբ «Արի Կիրակոս Մինասեան» Ազգ. վարժարանի տնօրէնութեան ու Ծնողաուսուցչական կազմին, հանդիսաւորապէս տօնախմբուեցաւ Ս. Թարգմանչաց յիշատակը՝ եպիսկոպոսական պատարագով եւ գիրքերու վաճառք-ցուցահանդէսով:
Օրուան պատարագիչն էր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Սրբազան հօր առընթերակայ էին Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեան: Պատարագին աղօթակից էր ու Վերաբերումը կատարեց Արեւելեան թեմի երիցագոյն հոգեւորական Մուշեղ Ա. քհնյ. Տէր Գալուստեան։ Իսկ երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ Արամ Աղապապեանի:
Սրբազան հայրը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր Թարգմանչաց վարդապետաց նուիրուած շարականին հետեւեալ բառերը. «Քու հեզութեանդ դիմելով՝ կ՛աղաչե՜նք, տէ՛ր վարդապետ, յիշատակդ տօնողներուս համար բարեխօսէ՛ երկնքին մէջ, որովհետեւ քեզմո՛վ լուսաւորուեցան Ս. եկեղեցւոյ զաւակները»։
Սրբազանը նախ անդրադարձաւ Թարգմանիչ վարդապետաց ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ տիրող վիճակին: «Հայ ժողովուրդին դիմակալած կրօնական եւ աշխարհիկ վտանգին դիմաց, Աստուած ի՛նք, ինչպէս յայտնուած էր Հայաստան աշխարհի երկնակամարին վրայ ու իր մատով ուրուագծած էր Հայոց եկեղեցւոյ հիմերը, այս անգամ եւս տեսիլքով կը յայտնուէր Ս. Մեսրոպ վարդապետին, եւ իր մատով կը գծէր հայոց ոսկեղնիկը՝ Հայոց տառերը: Թարգմանչաց տօնը մեծ տօներէն մէկն է, եթէ ոչ մեծագոյնը, որ լուսաւորեց մեզ», շեշտեց սրբազան հայրը։
Ապա անդրադառնալով Հայաստանի այսօրուան իշխանութեանց եւ Հայաստան-Թուրքիա «փրոթոքոլ»ի ստորագրման՝ սրբազանը ցաւով նշեց, որ ատիկա կը զուգադիպէր Թարգմանչաց տօնին։ «Ուխտի օր է այսօր, բոլորի՛ս համար անխտիր, ուխտի օր՝ որպէսզի բոլորս վերանորոգենք մեր հաւատքը, տէ՛ր կանգնինք մեր ժառանգութեանց, մշակոյթին ու լեզուին, առանց յուսահատելու շարունակենք հետապնդել մեր արդար իրաւունքները։ Սքանչելագո՛րծ Աստուած, մեզի ողորմեցար եւ երանելի վարդապետին միջոցաւ սքանչելիքներ ցոյց տուիր, որպէսզի անով կարենանք տեսնել երկնապարգեւ զօրութիւնը՝ հայոց լեզուին հրաշք գիրերը. այսօ՛ր ալ մեզի պարգեւէ, որ մեր հաւատքը եւ հայրենիքը տեսնենք բարօր եւ ազատ վիճակի մէջ», ըսաւ ան։
Յաւարտ պատարագին, առաջնորդը թափօրով եւ շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահ, ուր հայ գիրքին նուիրուած վաճառք-ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ ձեռամբ առաջնորդին:
Սրահէն ներս, վարժարանին աշակերտները, միանալով եկեղեցւոյ երգչախումբին՝ երգեցին «Որք զարդարեցին» շարականը եւ ապա անոնք ժողովուրդին հրամցուցին Թարգմանչաց նուիրուած շարք մը արտասանութիւններ։
Հուսկ, սրբազան հայրը փոխանցեց իր սրտին խօսքը եւ գնահատեց վարժարանի գործադիր տնօրէնուհին՝ Գոհար Բալիկեան-Զահերը, եւ Ծնողաուսուցչական մարմինը՝ իրենց կատարած աշխատանքին համար, աւելցնելով. «Այսօր, երբ կը պանծացնենք Թարգմանիչ վարդապետաց երախտարժան վաստակը, իբրեւ ժառանգորդները անոնց՝ որքանո՞վ մենք մեզ տէրը կը զգանք այդ մշակոյթին, հայ լեզուին ու գրականութեան եւ մեզի թողած անոնց աւանդին: Պէտք է արժեցնենք մեր հաւատարիմ եւ ճշմարիտ ժառանգորդներ ըլլալու իրողութիւնը եւ մեր զաւակներուն սորվեցնենք հայերէն լեզուն: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ, որ ծաղկո՛ւն պահէք հայ կրթական օճախները, յատկապէս Օրէնճ Քաունթիի «Արի Կիրակոս Մինասեան» Ազգ. վարժարանը՝ սատարելով անոր վերելքին եւ թուային աճին»։
Սրբազան հայրը, ցուցահանդէսը բացուած յայտարարելէ ետք, անգամ մը եւս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու կազմակերպիչ բոլոր նուիրեալները, որոնք տարիներու աւանդութեան վերածուած սոյն ձեռնարկով, ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին կը կազմակերպեն այս ցուցահանդէսը, եւ ապա օրհնեց աշակերտները:
Աւարտին ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, որմէ ետք սրբազան հօր «Պահպանի»չով ժողովուրդը մօտեցաւ ցուցադրուած գիրքերուն։