ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Երկուշաբթի 19 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոս հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը ընդգրկեց շարք մը հարցեր: Յանուն սուրիահայ համայնքին, վեհափառը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ սուրիական պետութեան ու յատկապէս նախագահին ցուցաբերած սիրոյն եւ ուշադրութեան համար:
Նախագահ Ասատ, իր կարգին, գնահատանքով արտայայտուեցաւ սուրիահայութեան՝ երկրի ընկերային թէ տնտեսական կեանքի բարգաւաճման բերած դրական ներդրումին համար:
Վեհափառ հայրապետը յիշեց սուրիացի արաբ ժողովուրդին ասպնջական ոգին, որով Հայկական Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու վերապրած մեր ժողովուրդի զաւակները կրցան վերակազմակերպել իրենց եկեղեցական ու ազգային կեանքը Սուրիոյ մէջ: Նորին սրբութիւնը հայ եւ արաբ ժողովուրդներու մնայուն բարեկամութեան երաշխիք համարեց սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած այս հոգածութիւնը, մեր ժողովուրդի զաւակներու ամենէն ճակատագրական հանգրուանին:
Այնուհետեւ նախագահին ու վեհափառին խօսակցութիւնները ընդգրկեցին Լիբանանի այժմու կացութեան ու Միջին Արեւելքին առնըչուող հարցեր: Շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը աւելի խորացնելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրէն ներս, կաթողիկոսը տեղեակ պահեց նախագահը իր կատարած աշխատանքներուն մասին, անդրադառնալով վերջերս Ութերու խմբակի ժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքին տուած դասախօսութեան, եւ նոյն օրը՝ Դամասկոսի համալսարանին մէջ իր տալիք դասախօսութեան, որոնք մեծապէս կեդրոնացած են քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան վրայ:
Վեհափառին եւ նախագահ Ասատի խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու գծով ստորագրուած արձանագրութիւնները: Այս ծիրէն ներս, վեհափառը կարեւորութեամբ յիշեցուց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:
Յիշեալ հանդիպման կաթողիկոսին ընկերացան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Տարօն Աւետիսեան, Բերիոյ թեմի Քաղաքական ժողովի ատենապետ տոքթ. Մանուկ Իսկէնտէրեան, պետական երեսփոխան Սմբուլ Սմբուլեան, եւ Դամասկոսի ազգայիններէն Մեսրոպ Շիրանեան:
Հանդիպման աւարտին, վեհափառ հայրապետը թանկարժէք յուշանուէրով պատուեց նախագահ Ասատը: