ՄԻԼԱՆ, «Անատոլու».- Թուրքիա, Իտալիա եւ Ռուսիա Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին, Սամսոն-Ճէյհան քարիւղատարին շուրջ փոխըմբռնման համաձայնութիւն մը ստորագրեցին: Կը նախատեսուի, որ 550 քիլոմեթր երկարութեամբ քարիւղատարին կառուցումը 1.5 միլիառ տոլար արժէ: Անոր շնորհիւ, կարելի պիտի ըլլայ առաջին փուլին Սեւ ծովու Սամսոն քարիւղի կայանէն Միջերկրականի վրայ գտնուող Ճէյհան քարիւղի կայանը օրական մէկ միլիոն տակառ քարիւղ փոխադրել: Կը ծրագրուի այդ քանակը հետագային բարձրացնել 1.5 միլիոն տակառի։
Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ այս ծրագիրը «պիտի ամրապնդէ երեք երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ուժանիւթի ապահովութիւն պիտի երաշխաւորէ եւ կենսոլորտի պաշտպանութեան պիտի օժանդակէ»։