2010 թուականը կը զուգադիպի Հայ Օգնութեան Միութեան հարիւրամեակին։
Հարիւր տարիներ շարունակ ՀՕՄը եղաւ իրենց ժողովուրդին հետ, հայրենիքի թէ Սփիւռքի, ծառայելով կարիքաւորին, որբին, ուսանողին, հիւանդին ու զինուորին։
Դար մը ծառայութիւն, որուն վրայ պիտի խարսխուի Հայ Օգնութեան Միութեան յառաջիկայ գործունէութիւնը, միշտ կիզակէտ ունենալով հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը ի սփիւռս աշխարհի։
Այս սկզբունքէն մեկնելով, վերջին երեք տարիներուն ՀՕՄի Հարիւրամեակի հիմնադրամի յանձնախումբը ծրագրեց եւ գործադրեց զանազան հանգանակային ձեռնարկներ, որոնք պիտի ծառայեն տնտեսապէս հզօրացնելու ՀՕՄը իր դարադարձին:
Այս ձեռնարկներու շղթային կու գար միանալու օղակ մը եւս՝ հաճելի հայկական երեկոյ մը, CBS Studiosի New York փողոցին վրայ: Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2009ի երեկոյեան ԱՄՆ ՀՕՄի Արեւմտեան Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հարիւրամեակի հիմնադրամի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, զոր իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին յարգելի հիւրեր եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան ատենապետուհի՝ Վիքի Մարաշլեան եւ անդամ՝ Նովա Հինտոյեան, վարչութիւններու ատենապետուհիներ, ընկերուհիներ եւ հիւրեր:
CBS Studiosի New York Պողոտան գեղեցկօրէն կերպարանափոխուած եւ վերածուած էր հայկական աւանի մը, հայկական տոհմիկ տարազներու ցուցադրութեամբ, երաժշտութեամբ, յատկապէս ՀՕՄուհիներու սիրալիր հիւրընկալութեամբ: Այլ խօսքով հայկականութիւն կը բուրէր ամէն կողմ, եւ ակներեւ էր ՀՕՄուհիի բծախնդիր եւ կազմակերպող ոգիի ներկայութիւնը։ Ձեռնարկի գործնական աշխատանքը յանձն առած էր «Մեղրի» մասնաճիւղը իր ժրաջան ընկերուհիներով եւ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի ընկ.հի Սեդա Դարբինեանի։ Բոլորն ալ իրենց կարողութիւնները ի սպաս դրած էին գեղեցկացնելու եւ հմայիչ դարձնելու վայրը:
Յանձնախումբի կողմէ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Հիմնադրամի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկ.հի Մաքօ Մկրտիչեան, որ վկայակոչեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Շնորհազարդ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի խօսքը՝ արժեւորելու համար ՀՕՄի դար մը ծառայութիւնը. «…Խոնարհիլ կատարուած գործին առջեւ ու մասնակցիլ կատարուող գործին: Գործը սուրբ է եւ անմահ, մանաւանդ երբ ան կը կատարուի մեր անձերէն վեր ու վեհ նպատակներու համար, հաւաքականութեան համար, Ազգին համար…»։ Ապա ընկ.հի Մաքօ երախտագիտութեամբ շարունակեց իր խօսքը, անդրադառնալով համայն աշխարհի հայութեան աջակցութեան՝ ՀՕՄի կատարած անուրանալի իրագործումներուն եւ հայանպաստ աշխատանքներուն, վկայակոչելով, այս անգամ, Պէյրութի ճեմարանի հիմնադիր տնօրէն Լեւոն Շանթի խօսքերէն. «…Առանց Կարմիր Խաչի թանկագին օժանդակութեան, մեր ժողովուրդի ընդունակ եւ ուսումնածարաւ տղաքն ու աղջիկները մեր հաստատութեան մէջ առնելու հնարաւորութիւնը պիտի չունենայինք …։ Ով այս ճեմարանին արժէք մը կու տայ, ով այս ճեմարանէն օգուտ մը կը ստանայ պէտք է միշտ ջերմութեամբ յիշէ Հայ Կարմիր Խաչին անունը, եւ չմոռնայ սատարելու անոր ազգօգուտ ծրագիրներու իրագործման…»: Ընկերուհի Մաքօ վերջացուց իր խօսքը, ըսելով. «…Մեր խնդ-րանքն է որ ձեր ներկայութեամբ քաջալերէք եւ յաջողութեամբ պսակէք ապագայ մեր ծրագիրները», եւ թուեց մօտիկ ապագայի ծրագիրները:
Ապա, ընկ.հի Մաքօ հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Սօսի Փոլատեանը, որպէսզի փոխանցէ Շրջանային վարչութեան խօսքը։ Փոլատեան իր անձնական կեանքի օրինակով կոչ ուղղեց բոլոր ներկաներուն միանալու ՀՕՄի շարքերուն, եւ հրաւիրեց զանոնք որ մասնակցին ՀՕՄի ազգօգուտ եւ ազգանուէր աշխատանքներուն, հարստացնելով շարքերը եւ փոխադարձաբար հարստանալու անոր պարգեւած հոգեկան եւ բարոյական գոհունակութեամբ:
Ընթրիքը շարունակուեցաւ, գաղութիս սիրուած երգիչ Գօգօ Հայիթեանի եւ իր նուագախումբին ստեղծած խանդավառ, հաճելի եւ հայկական մտերիմիկ մթնոլորտին մէջ:
Այս առթիւ յանձնախումբս իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ հայկական տարազներու մասնագէտ տիկ. Քնար Ներսիսեանին, տարազները տրամադրելուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն, նուիրատուներուն, «Մեղրի» Մասնաճիւղի ընկերուհիներուն եւ Հարիւրամեակի հիմնադրամին բարոյապէս ու նիւթապէս զօրավիգ կանգնող անհատներուն, որոնց ազնիւ ներդրումները խթան պիտի հանդիսանան Հիմնադրամի Յանձնախումբին՝ իրագործելու գալիք ծրագիրները, ի նպաստ Միութեան տնտեսական հզօրացման:
Յառաջիկայ ծրագիրն է՝ 15 Նոյեմբերին, Element Նուագախումբի ելոյթը՝ Կլէնտէյլի Presbyterian եկեղեցւոյ մէջ։
Այս առթիւ, կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, ազգային հաստատութիւններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն, հայրենակցական միութիւններուն, հայկական վարժարաններուն եւ պատանեկան միութիւններուն, որպէսզի իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն եւ կարելի միջոցներով զօրավիգ կանգնին ՀՕՄի ապագայ սահուն յառաջընթացի գրաւականը եղող՝ ՀՕՄի Հարիւրամեակի Հիմնադրամին։
ՀՕՄի Հարիւրամեակի
Հիմնադրամի Յանձնախումբ