ԹԵՀՐԱՆ, ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22ին յայտարարեց, որ իսրայէլացի հիւլէական մասնագէտ մը, Միջին Արեւելքի հիւլէական հարցով բանակցութիւններուն ծիրին մէջ, իրանցի պաշտօնատարի մը հետ հանդիպում ունեցած է։ Հանդիպումը վերջին երեսուն տարուան ընթացքին իր տեսակին մէջ առաջինը կրնայ ըլլալ, սակայն Թեհրան հերքեց, որ այդպիսի հանդիպում մը տեղի ունեցած է։
Իսրայէլի հիւլէական ուժանիւթի յանձնախումբի բանբեր Եէալ Տորոն հաղորդեց, թէ յանձնախումբին ներկայացուցիչը, Աւտրալիոյ միջնորդութեամբ, իրանցի պաշտօնատարի մը հետ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է։
Տորոն մերժեց հանդիպումին մասին մանրամասնութիւններ փոխանցել, սակայն իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը յայտնեց, որ երկու երկիրներու պաշտօնատարները Սեպտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննած են Միջին Արեւելքը ապահիւլէական շրջան յայտարարելու կարելիութիւնը։
«Հաարեց» հաղորդեց, որ Իսրայէլի հիւլէական ուժանիւթի յանձնախումբի քաղաքականութեան եւ զէնքերու վերահսկման բաժանմունքի տնօրէն Միրաւ Օտիզ եւ Հիւլական ուժանիւթի միջազգային կազմակերպութեան մօտ Իրանի պատուիրակ Ալի Աշղար Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, Գահիրէի մէջ բազմաթիւ անգամներ հանդիպում ունեցած են։
Օրաթերթը հաղորդեց, որ հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արաբական լիկայէն, Յորդանանէն, Եգիպտոսէն, Թունուզէն, Թուրքիայէն, Մարոքէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Սէուտական Արաբիայէն, ինչպէս նաեւ եւրոպացի եւ ամերիկացի պաշտօնատարներ։ Օրաթերթը ըսաւ, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Աւստրալիոյ վարչապետ Քէվըն Ռատի նախաձեռնութեամբ կազմուած Հիւլէական զէնքերու տարածման դէմ միջազգային յանձնախումբին հովանաւորութեամբ։
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հերքեց այդ լուրը։ «Այս սուտը հոգեբանական գործողութեան տեսակ մըն է, որուն նպատակը Ժընեւի եւ Վիեննայի մէջ Իրանի աշխուժ դիւանագիտութեան շարունակական յաջողութեան վրայ ազդելն է», ըսաւ Իրանի հիւլէական կազմակերպութեան բանբեր Ալի Շիրզատեան։
«Հաարեց» կը գրէ, որ հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին իրանցի պատուիրակը իսրայէլացիին հարցուցած է. «Հիւլէական զէնքեր ունի՞ք, թէ ո»չ։ Իսրայէլացի պատուիրակը ժպտած է ու չէ պատասխանած։
Իրան կը պնդէ, թէ հիւլէական զէնքեր ձեռք բերելու չի ձգտիր եւ Իսրայէլ պէտք չէ վտանգուած զգայ: Իրանցի պատուիրակը նաեւ յայտնած է, թէ Թեհրան թէեւ սիոնականութեան կ՛ընդդիմանայ, ան հրեաները չ՛ատեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.