«Մխիթարեան» վարժարանի վերամուտի աշխատանքներուն զուգահեռ սկսան ընթանալ մշակութային աշխատանքները։ Աշակերտները իրենց դպրոցական տնային պարտականութիւններուն կողքին, պարտք զգացին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեր մշակոյթի հերոսներուն եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ տարուեցան։ Հայերէն դասերու կողքին, հայ մշակոյթի եւ գրականութեան հանդէպ սիրոյ զգացում փոխանցուեցաւ, որուն մասնակցեցաւ Ոսկան Մխիթարեանը, որ մեծ համբերութեամբ աշակերտներուն սերմանեց մշակութային գիտելիքներ։
Հայերէնի դասապահերուն՝ ամէն դասարանէ կը հնչէին մեր բանաստեղծներուն ստեղծագործութիւնները, որոնք մեր հոգիները կը լեցնէին յուզումով եւ միաժամանակ ցնծութեամբ։
Եւ ահա, Հոկտեմբեր 16, 2009ի առաւօտուն, կոկիկ համազգեստներով, ուրախ տրամադրութեամբ դպրոց հասան մեր աշակերտները, իրենց վստահուած դերերը կատարելու հպարտ գիտակցութեամբ, եւ փառաբանելու Ս. Մեսրոպն ու Սահակ Պարթեւը եւ թարգմանիչներու հսկայ փաղանգը։
Այդ առաւօտ գործի վրայ էին բարձր կարգերու աշակերտները, տնօրէնն ու ուսուցիչները։ Աշակերտները իրենց կողմէ պատրաստուած որմազդները կը տեղաւորէին, կը զարդարէին բեմը հայկական նկարներով, որոնք կը յիշեցնէին 5րդ. դարը։ Կը զետեղէին բարձրախօսները, ծնողներուն եւ հիւրերուն յատուկ ընդունելութեան պատրաստութիւններ կը տեսնէին։
Ժամը 10ին, հանդէսը սկսաւ հայկական քայլերգով, որուն յաջորդեց 7րդ. դասարանի աշակերտ՝ Քրիստափոր Եղիայեանի բացման խօսքը եւ Հայր Օգոստինոսի օրուայ պատշաճ պատգամը։
Ապա շքեղօրէն զարդարուած բեմին վրայ երեւցան դողդոջ քայլերով մեր nurseryի անուշիկ աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ բեմ կը բարձրանային բարձրախօսը իրար ձեռքէ խլելով, իրենց թոթով լեզուով երգեցին եւ արտասանեցին մաշտոցեան բարբառով։
Nursery-ի փոքրերուն յաջորդեցին նախամանկապարտէզի ու մանկապարտէզի երեխաները։
Ներկաներու աչքերէն ուրախութեան արցունքներ հոսեցան, ի տես անոնց համարձակ եւ հայկական յստակ առոգանութեամբ ելոյթին։
Փոքրերուն յաջորդեցին նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, որոնք իրենց երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով ա՛լ աւելի ճոխացուցին յայտագիրը։
Յայտագրի աւարտին, խորովածը իր անուշ բոյրով կը հրաւիրէր ներկաները ճաշակելու հայկական համադամ ուտելիքները, միաժամանակ ունկնդրելով հայկական քաղցր երաժշտութիւն։
Վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի կ՛ունենար մշակութային արժէք ունեցող առարկաներու վաճառք՝ գիրքեր, հայկական գորգեր եւ զանազան մշակութային իրեր։
Յովիկ Մահսէրէճեան Հայաստանէն եւ Արցախէն բերած գորգերուն մասին տուաւ հետաքրքրաշարժ բացատրութիւններ։
Օրուայ խանդավառ մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ «Element» նուագախումբին ճոխ ելոյթով, որու անդամները սիրայօժար եկած էին «Մխիթարեան» վարժարանի Մշակոյթի օրուան առաւել փայլք տալու։ Elementի ելոյթը ունկնդիրներուն տուաւ հոգեկան անբացատրելի վայելք։
Հայ Մշակոյթի այս տօնակատարութիւնը «Մխիթարեան» Վարժարանի աշակերտներուն հոգիներուն մէջ դրոշմեց հայ լեզուի եւ հայրենասիրութեան ջերմ ոգին։
Թղթակցութիւնը Վարժարանէն
I am proud to be a Mékhitariantsi from beirut college