ՊԷՆՃԱՄԻՆ ՉԱՐՉԵԱՆ
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Նոյեմբեր 6, 7, 8ն արտակարգ երեք օրեր պիտի ըլլան, նուիրուած աշխարհահռչակ քանդակագործ եւ նկարիչ՝ Էմիլ Գազազի արուեստին ու կեանքին: Գազազ, որ ճանչցուած է որպէս առասպելական եւ դասական արարածներն ու դէմքերը արդիական ոճով յարակցող (juxtaposition) արուեստագէտ, ՀԲԸՄի կողմէ պիտի պատուուի իր բացառիկ տաղանդին, միջազգային ճանաչումին եւ յաջողութիւններուն համար:
Շաբաթավերջին բարձրակէտը պիտի հանդիսանայ մեծարանքի ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբերի 7ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, ՀԲԸՄի Փասատինայի կեդրոնին մէջ: Հանրութիւնը սիրով հրաւիրուած է մուտքը ազատ այս միջոցառումին, միանալու արուեստի մասնագէտներու եւ հաւաքողներու, քննադատներու եւ արուեստագէտներու՝ երգով եւ երաժշտութեամբ յագեցած մթնոլորտի մը մէջ: Խօսք առնողներու ընտիր շարքին մաս պիտի կազմէ, միջազգայնօրէն յարգուած արուեստի պատմաբան եւ հեղինակ Շահէն Խաչատրեանը, որ ներկայիս մշակութային խորհրդատուն է Գարեգին Բ. ամենայն հայոց հայրապետին եւ վարիչը՝ Արշիլ Կորքի պատկերասրահին, Հայաստանի մէջ: Ան շրջանաւարտ է Լենինկրատի Արուեստից ակադեմիայէն, կառավարած է Երեւանի Արուեստի ազգային պատկերասրահը, ինչպէս նաեւ եղած է վարիչը Սարեանի անուան թանգարանին: Շահէն Խաչատրեան վերջերս հրատարակեց արուեստագիտական երկու տպաւորիչ հատորներ՝ Յովհաննէս Այվազովսքիի Մարտիրոս Սարեանի գործերուն նուիրուած: 19րդ եւ 20րդ դարերու արուեստին մասին իր հմտութիւնն ալ այդ երեկոյ պիտի հանդիսանայ ներսոյզ քննախօսութիւն մը Էմիլ Գազազի իմացական աշխարհին մասին:
Ճօ Լուիս, որ ճանչցուած արուեստագէտ, հեղինակ եւ դաստիարակ մըն է, եւ որ ներկայիս կը պաշտօնավարէ որպէս «Alfred Universitys School of Art & Design»ի վարիչ, եւս պիտի խօսի երեկոյի ընթացքին: Լուիս, որ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հեղինակած է Էմիլ Գազազի արուեստին եւ փիլիսոփայութեան մասին, լոյս պիտի սփռէ արուեստագէտի գործին վրայ: «Ֆորտ» հաստատութեան անդամ եւ Մէրիլէնտ համալսարանէն Մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած Լուիս, Գազազի արուեստին տիպարներն ու իրավիճակները կը բաղդատէ «Հոմերոսի արկածախնդրութիւններուն հետ, անցնելով անիրական աշխարհի մը երեւոյթներուն ընդմէջէն, ուր ոչ մէկ բան այն չէ՛, ինչ կը թուի ըլլալ»: Նոյեմբերի 7ին, Գազազի աշխարհին ընդմէջէն ան պիտի առաջնորդէ հանդիսատեսը, անոր հետ արծարծելով լաւագոյն հասկացողութիւն մը Գազազի հանճարին մասին:
Երեկոյի իմացականութիւն քր-քրող ելոյթներուն պիտի ընկերանայ վեհաշունչ երաժշտութիւնը՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած դաշնակահար, յօրինող, խմբավար, հեղինակ, դասախօս եւ հայ երաժշտութեան նուիրուած ջատագով՝ Վաչէ Մանկրեան: Ան երաժշտութեան մէջ Մագիստրոսի վկայականը ստացած է «USC Thornton School of Music»էն: Ան որպէս մենակատար հանդէս եկած է չորս ցամաքամասերու բեմերուն վրայ, ներառեալ Երեւանի Ֆիլհարմոնիքի սրահը: Ան շահած է միջազգային մրցոյթներ եւ յաճախ գնահատուած մամուլէն: Ինչպէս գրած է «Los Angeles Times»ը, «Մանկրեան նուագեց հանդարտ բանաստեղծականութեամբ… ընթացիկ ոչինչ կար իր մեկնաբանութեան մէջ»: Իսկ «The Cleveland Plain Dealers»ը նկարագրած է զինք որպէս «յանդուգն եւ թրթռուն կատարող մը»: Իր կատարումները հաճելի շեշտադրում մը պիտի տան Գազազի արուեստին:
Երաժշտական յայտագրին վրայ յաւելում մը պիտի ըլլայ օփերայի բարձրարուեստ թէնոր Բակուր Քալանթարեանը, որ իր երաժշտական ասպարէզը սկսած է տասնըմէկ տարեկանին, Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ: Քալանթարեան, որ իր երաժշտական ուսումը կատարելագործած է երաժշտութեան անուանի փրոֆեսոր Նոնա Մելքումովայի աշխարհահռչակ թէնոր Վահան Միրաքեանի շունչին տակ, իր կարգին հանդէս եկած է հարիւրաւոր ելոյթներով: Վերջերս, Լոս Անճելըսի մէջ կայացած Կատարողական արուեստներու աշխարհի առաջնութեան մրցոյթին, ան պարգեւատրուած է ոսկի մետալով եւ արժանացած՝ Տարուան մեծ երգիչը կոչումին: Մեծապէս սիրուած Գազազէն, Քալանթարեանի հուժկու ձայնը կատարելապէս պիտի սատարէ երեկոյթի հմայքին:
Եռօրեայ արուեստի ցուցադրութիւնն ու մեծարանքի այս միջոցառումը արգասիքը պիտի ըլլայ ՀԲԸՄի Հարաւային Քալիֆորնիոյ Շրջանակային վարչութեան եւ Գազազի մեծարման յանձնախումբի յանդուգն ջանքերուն. յանձնախումբին ատենապետն է Հայկ Մսըրլեան, իսկ անոր մաս կը կազմեն Անի Այվազեան, Արա Պապայեան, Նայիրի Պալեան, Պէնճամին Չարչեան, Իվան Քէսեան, Գրիգոր Սաթամեան, Շաքէ Թումայեան եւ ծանր աշխատանքի լծուած բազմաթիւ կամաւորներ, որոնք իրենց ամբողջ ներոյժը ի գործ դրած են իրականացնելու ՀԲԸՄի համար տարուան ամենակարեւորը ըլլալու սահմանուած այս միջոցառումը:
Համահունչ այս ձեռնարկի ոգիին՝ Էմիլ Գազազի համաշխարհային ներկայացուցիչ եւ «Airian Dome of Fine Art»ի հիմնադիր եւ նախագահ Մոնէ Այրեան համաձայնած է նուազեցնել ցուցադրութեան դրուած արուեստի գործերուն գիները, այնպէս որ ասիկա սքանչելի առիթ մը պիտի ըլլայ ձեռք ձգելու Գազազի գործերը միաժամանակ սատարելու ՀԲԸ Միութեան ծրագիրներուն, Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կը խնդրենք դիմէք ՀԲԸ Միութեան, հեռաձայնելով՝ (626) 794-7942 թիւին: ՀԲԸՄի կեդրոնին հասցէն է՝ 2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104: Միջոցառման թուականներն են.
Գազազի Մեծարանքի երեկոյ՝ Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, երեկոյեան ժամը 7:30ին:
Գազազի քանդակներու եւ նկարներու ցուցադրութիւն՝ Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 6-7ին (երեկոյեան ժամը 7:30-10:30) եւ Կիրակի, Նոյեմբեր 8ին (կ.ե. ժամը 2-6):