ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Իվանովսքի թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը իրարու շաղկապելը շատ սխալ է»։ Դեսպանը նշած է, որ «Ռուսիա իսկապէս կ՛աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման»։
Ռուսիոյ դեսպանը յայտարարած է, որ «նախորդ տարուան Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած յայտնի իրադարձութիւններէն ետք, երբ ես Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն այցելեցի, նկատեցի, որ շատ յարմար պահ է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար»: Ան միաժամանակ նշած է, որ Ռուսիա, Թուրքիոյ նման, կը ձգտի Կովկասի կայունութեան։
Ռուս դեսպանի խօսքերով, Ռուսիոյ յարաբերութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի հետ շատ խոր եւ ամուր են։
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Իվանովսքի նշած է, որ տուեալ հարցի լուծումը շատ կարեւոր եւ անհրաժեշտ է Ռուսիոյ: «Կովկասի կայունութեան հաստատումը նաեւ կը բխի մեր շահերէն, որովհետեւ ատիկա դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Ղազախստանի եւ Չէչէնիոյ խնդիրներուն վրայ», աւելցուցած է դեսպանը։
Միւս կողմէ «Ռատիքալ» նաեւ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան «Ճազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «արձանագրութիւնները խորհրդարանի օրակարգին վրայ պիտի դնեն խորհրդարանի խմբակցութիւնները։ «Մենք կ՛ուզենք, որ Հայաստանի հետ այս քայլը ընելու ատեն ստանանք նաեւ Մինսքի եռեակի աջակցութիւնը։ Ես այս մասին խօսած եմ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Ռուսիոյ նախագահին հետ։ Նոյն հարցի շուրջ մեր արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուն խօսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Մենք անոնցմէ խնդրած ենք արագացնել գործընթացը, որովհետեւ, եթէ Մինսքի եռեակը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը որոշակի դրական կէտի մը չբերէ՝ ատիկա մեր գործը կը դժուարացնէ», ըսած է Էրտողան: