ՎԱՐԴԱՆ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ
«ՀՕՄի հիմնադրման հարիւրամեակի սեմին՝ հայ կնոջ դերը» խորագրով՝ ՀՕՄի հարաւային Ամերիկայի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս-Այրէսի մէջ 2009 Հոկտեմբերի 9ին տեղի ունեցաւ՝ այդ շրջանի համար աննախընթացք հանդիպում մը, ուր հաւաքուած էին աշխարհացրիւ հայկական գաղթօճախներէն՝ հայ կինը ներկայացնող 134 ՀՕՄուհիներ՝ Աւստրալիայէն, Անգլիայէն, Գանատայէն, ԱՄՆի արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններէն, Պրազիլէն, Ուրուկուայէն, եւ անշուշտ Արժանթինէն:
ՀՕՄի հիմնադրութեան օրէն ի վեր հայ կինը, միշտ մտահոգ իր ժողովրդի բարօրութեամբ, կարօտեալին օգնութեան հասնելու պատրաստակամութեամբ, այսօր՝ հարիւր տարի ետք իր պարտաւորութիւնները անխափան շարունակելու նպատակով ու նորանոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու միտումով կարիքը զգաց կազմակերպել այսպիսի սեմինար մը, որուն թեման ինքնին կը խօսի իր նպատակին մասին. իրար մօտ գալով, խորհրդակցելու, իրարու փոխանցելով իւրաքաչիւրի փորձառութիւնները, իրարմէ սորվելու, եւ միասնաբար ծրագրելու ապագայի գործելակերպը ըստ շրջաններու պահանջին:
Սեմինարին նախորդող օրերուն համար հիւրընկալ շրջանային վարչութիւնը պատրաստած էր շատ ճոխ ու սեղմ յայտագիր մը։ Առաջին օրը այցելութիւն Պուէնոս-Այրէսի ՀՄԸՄի ակումբը, որու գեղատեսիլ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարի գալուստի ընթրիք-երեկոն, որու ընթացքին բարի գալուստի եւ սեմինարի յաջողութեան ջերմ մաղթանքներով ելոյթ ունեցան Պուէնոս-Այրէսի գաղութի զանազան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ: Հարազատ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ երեկոն տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր:
Կիրակի առաւօտեան՝ այցելութիւն հայոց առաքելական եկեղեցին, ապա հայկական կթական ու մշակոյթային կեդրոններ:
Յաջորդ երեք օրերուն՝ այցելութիւն քաղաքի եւ շրջակայքի տեսարժան վայրեր, պտոյտներ:
Մասնաւոր օր մը յատկացուած էր այցելելու «Խրիմեան» ազգային վարժարանին, ուր ՀՕՄի հովանաւորութեամբ հայեցի դաստիարակութիւն կը ստանան հայ մանուկները: Դպրոցի աշակերտները դրօշակի արարողութիւնը կատարելէ ետք հոծ բազմութեան ներկայացուցին հայկական պարերու փունջ մը, ներառեալ՝ հայկական «քոչարի»ն: Յուզիչ էր տեսարանը, մթնոլորտը՝ լեցուն հայկականութեամբ։ Պատասխանատուները իրենց կարելին չէին խնայած պահպանելու զայն, սակայն զգալի է որ հոս ալ, ինչպէս ուրիշ գաղութներու մէջ, հայ լեզուն հոգեւարքի մէջ կ՛ապրի. գալիք սերունդը արդէն օտարախօս պիտի դառնայ՝ եթէ հրաշք մը չպատահի:
Սեմինարին անցնելէ առաջ, կը փափաքէի հակիրճ տեղեկութեամբ մը անդրադառնալ Հարաւային Ամերիկայի շրջանի ՀՕՄի կազմաւորման մասին:
Ան հիմնուած է 1933ի Օգոստոսի 13ին Պուէնոս-Այրեսի մէջ, անմիջական նպատակ ունենալով օգնութեան ձեռք երկարել այս հեռաւոր ափերը հասնող գաղթական հայ ընտանիքներուն, օժանդակութիւն տալով անոնց՝ նոր ընկերութեան մաս կազմելու համար: Մասնաւորաբար, զարկ կը տրուէր հայուհիներու դաստիարակութեան ու պատրաստութեան:
Հպարտութեամբ կրնանք հաստատել, որ հիմնադրութենէն ի վեր ՀՕՄի խնամատարական, ընկերային ծառայութեան, կրթական ու մշակութային նպատակները կը մնան անխախտ, աւելի քան երբեք աժմէական ու հաստատ, շրջանիս երեք երկիրներուն մէջ՝ Արժանթին, Պրազիլ եւ Ուրուկուայ, շնորհիւ մեր անդամներու աշխոյժ ու յանձնառու մասնակցութեան: Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄը, իր Շրջանային Վարչութեան, մասնաճիւղերու եւ յանձնախումբերու միջոցաւ իր գործունէութիւնը կը տանի խնամատարական, բարեսիրական, մշակութային կրթական ու դաստիարակչական մարզերու մէջ: Կը պահէ երկու Հանգստեան տուներ, Պուէնոս Այրէսի եւ Սան Փաւլոյի մէջ: Իր մասնակցութիւնը կը բերէ տեղական ոչ-կառավարական այլ կազմակերպութիւններու մէջ: Կօժանդակէ տեղական հիւանդանոցներու եւ խնամակալ հաստատութիւններու: Կը պահէ երեք պարախումբեր՝ Պուէնոս-Այրէսի «Նայրի» եւ «Շիրակ» մանկա-պատենական պարախումբերը, եւ Գորտոպայի «Սասուն» պարախումբը: Յարակից կազմակերպութեանց կողքին, կը հովանաւորէ մշակութային նախաձեռնութիւնները: Կը կազմակերպէ կնոջ ինքնազարգացման սեմինարներ, դասախօսութիւններ ու դասընթացքներ: Զօրավիգ կը կանգնի գաղութիս հայկական վարժարաններուն՝ սաներ պահելով եւ նիւթաբարոյական ներդրում բերելով անոնց: Կը կազմակերպէ զանազան ձեռնարկներ, հայկական աւանդոյթները տարածելու նպատակով: Կը կատարէ շրջապտոյտներ, այցելութիւններ, ճաշկերոյթներ, թէյասեղաններ:
Շրջանս ունի եօթ մասնաճիւղեր. Պուէնոս-Այրէսի մէջ՝ «Յասմիկ», «Աշխէն» եւ «Անահիտ-Մարօ», Արժանթինի Գորտոպա նահանգին մէջ՝ «Սօսէ», Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ՝ «Ռուբինա», Պրազիլի Սան-Փաւլո քաղաքին մէջ՝ «Արփի», եւ Օզասկոյի շրջանը՝ «Մասիս»:
1991-էն ի վեր, շրջանս կը մասնակցի ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան հովանաւորած մնայուն ծրագրերու կարգին՝ Որբերու խնամակալութեան, Ախուրեանի Մօր ու Մանկան կեդրոնին եւ Ծննդատանը, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու, Որբերու կրթական ֆոնտին, եւ այլ ծրագրերու:
Այսօր, կազմակերպութեանս հիմնադրութեան հայրիւրամեակի սեմին, Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄը կը մնայ հաւատարիմ իր հիմնական նպատակներուն եւ օր ըստ օրէ կը վերանորոգուի քայլ պահելով ներկայ պահանջներուն հետ, բարգաւաճելով խանդավառ անդամներու, բարերարներու եւ համակիրներու գործօն մասնակցութեամբ, դիմագրաւելու ներկայ եւ ապագայի մարտահրաւէրները:
«ՀՕՄի հիմնադրութեան հարիւրամեակի սեմին՝ հայ կնոջ դերը» անդրանիկ սեմինարի բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ առաւօտեան ժամը տասնմէկին։
Տեղւոյս շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու ուղերձներէն ետք, բեմահարթակ բարձրացաւ մարդկային յարաբերութիւններու գիտակ եւ կազմակեպրչական օրէնքներու մասնագէտ՝ Տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեան, որ անդրադառնալով ՀՕՄի կազմաւորման հիմքերուն լայնօրէն բացատրեց թէ ինչպէս ՀՕՄի ընդունած կանոնագրութիւնը եւ կազմակերպական օրէնքները հարիւր տոկոսով համահունչ են միջազգայնօրէն ընդունուած կազմակերպական օրէնքներուն։ Ան պարզաբանեց եւ կէտ առ կէտ բացատրեց ՀՕՄի իւրայատկութիւնը, նպատակներու յստակութիւնն ու կառոյցներու կազմակերպական պատկերը, այս բոլորը հիմնաւորելով միջազգայնօրէն ընդունուած օրէնքներով: Ի վերջոյ ան բացատրեց թէ ինչպէս ՀՕՄը աշխարհի առաջին կազմակերպութիւններէն է, որոնք ընդունուած են իբրեւ ՄԱԿի անդամ կազմակերպութիւն :
Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան անդրադարձաւ կնոջ դերին ու կարեւորութեան համաշխարհայնացման ծիրին մէջ՝ հայկական հարցին առումով։ Այստեղ մթնոլորտը այնքան շիկացած էր արդէն, որ հայ կինը զգալով իր կարեւորութիւնը ազգային-քաղաքական կեանքի կազմաւորման մէջ, տեղատարափ հարցումներ կ՛ուղղէին զիրենք մտահոգող հարցերու մասին եւ պատասխաներ կ՛որոնէին օրուան անորոշ զարգացումներուն մէջ։
Իսկ Դոկտ. Կարսելա Գէորգեան վեր առաւ ՀՕՄի նպատակներն ու կամաւոր աշխատանքը որպէս հայ կնոջ բարեսիրական ոգիի արտայայտութիւն, եւ անոր յարատեւ նուիրումը իբր կռուան ՀՕՄի յաջողութեան ու յառաջդիմութեան մէջ:
Ահա այսպէս, սեմինարին մասնակցող հայ կինը նորանոր տեղեկութիւններով բեռնաւորուած ու ազգային քաղաքական խնդիրներով մտահոգ՝ տուն վերադարձաւ, ամէն մէկը իր շրջանի ընկերուհիներուն հետ կիսելու համար իր մտահոգութիւններն ու մտորումները, խորհրդակցելու, խորհուրդներ ստանալու՝ մշակելու համար ապագայի նոր ծրագիրները, գալիք նոր Դարաշրջանի մարտահրաւէներուն համապատասխան ռազմավարութեամբ, եւ աւելի աննկուն կամքով ու պատրաստակամութեամբ: