«ՄԱՐՄԱՐԱ».- «Թարաֆ» թերթի քրոնիկագիր Այշէ Հիւր, որ ամէն Կիրակի ուշադրութիւն կը գրաւէ հայկական հարցերու մասին հայոց ի նպաստ իր վերլուծումներով ու ուսումնասիրութիւններով, երէկ ալ (Հոկտեմբեր 25ին) իր էջը յատկացուցած էր Հայկական Սփիւռքի ծանօթացման։ «Սփիւռք ըլլալը դժուար գործ է» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ, զանազան աղբիւրներէ օգտուելով ան ի մի բերած էր Սփիւռքի կազմութեան 100 տարուան հանգրուաններու պատմութեան տուեալները։ Մեկնելով վերջին շրջաններուն Սփիւռքահայութեան կողմէ Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման դէմ ընդգրկուած դիրքորոշումէն, Այշէ Հիւր կը յիշեցնէր որ Սփիւռքահայութիւնը միատարր զանգուած մը չէ, կազմուած է զանազան ու հակադիր գաղափարախօսութիւններէ։ Հայերը Իթթիհատականներու կողմէ գործադրուած թրքացնելու քաղաքականութենէն վերջ ընդհանրապէս հիւրընկալուեցան Միջին Արեւելքի Արաբական երկիրներու մէջ, երկիրներ՝ որոնք արդէն վերապահ էին թուրքերու նկատմամբ։ Հայերը ժամանակի ընթացքին իրենց դիրքը զօրացուցին Միջին Արեւելքի, ապա Ամերիկայի ու Գանատայի նման երկիրներու մէջ։ Սկզբնական շրջաններուն անոնց երազն էր վերադառնալ Հայաստան՝ Մայր Հայրենիք, բայց Սովետական իշխանութեան դիմաց երբ այդ յոյսը կորսնցուցին, հասկցան որ իրենց կը մնար համարկուիլ այն երկրին հետ ուր կ՛ապրէին։ Այնուհանդերձ անոնք կը պահէին իրենց ինքնութիւնը, խառն ամուսնութիւն չէին կնքեր, դպրոցներ կը բանային։ Եւ առաջին անգամ Սփիւռքահայերն էին որ ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի բերին ու կենդանացուցին։
Այշէ Հիւր իր բովանդակալից երկարաշունչ յօդուածին մէջ մէկ առ մէկ կը պատմէ թէ ինչպէս կազմուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Եւոպայի զանազան երկիրներու, ապա Ամերիկայի, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի Սփիւռքները։ Բոլորովին տարբեր կառոյց ու հոգեբանութիւն ունէին Ռուսաստանի հայերը, որոնք իրենք զիրենք Սփիւռք կոչել չուզեցին։ Հայերը ուր որ գացին չմոռցան որ Թուրքիացի էին, իրենց ապրած շրջաններուն մէջ ստեղծեցին Թուրքիոյ երբեմնի հայաշատ քաղաքներու անուններով նոր քաղաքներ ու թաղամասեր, թրքերէն խօսեցան, թրքերէն երգեր երգեցին, թուրք Ֆութպոլի խումբերը բռնեցին, թրքական ճաշեր կերան, Թուրքիոյ հեռատեսիլին հետեւեցան։ Բայց ցեղասպանութեան պնդումները տակաւ հայոց մօտ զօրացուցին զոհուած ըլլալու հոգեբանութիւն մը։ Զոհերը միշտ վերապահութիւն եւ հակամարտութիւն ունին աշխարհի նկատմամբ։ Թուրքիոյ հետ կապուած հարցերու մէջ ալ, գլխաւորութեամբ Դաշնակցութեան, կծու կեցուածք ունեցող հատուածներ կան, բայց հակառակ ձեւով մտածողները, որ ընդհանրապէս լռութիւն կը պահեն, հաւանաբար աւելի մեծ թիւ մը կը կազմեն։
Այշէ Հիւրի յօդուածը Սփիւռքի կազմութեան լրիւ պատմութիւնը տալէ վերջ, կը հասնի ամէնէն կարեւոր հատուածին, որ եզրակացութիւնն է։ Յօդուածագրին եզրակացութիւնը սապէս կարելի է համառօտել.
«Որպէս եզրակացութիւն, կարելի է ըսել որ բարոյական ու մարդկային կեցուածք չէ չտեսնել ձեւացնել Սփիւռքահայութիւնը կամ զայն տեսնել որպէս թշնամի։ Որովհետեւ Սփիւռքահայութիւնը կազմող մարդիկը մեր Անատոլուի այն զաւակներն են որոնք մեր նախնիներուն սխալ քաղաքականութեանց պատճառաւ աշխարհի ամէն կողմը տարտղնուած են, ասոնք մեր մարդիկն են։ Բոլոր անոնց՝ որոնք այս խնդրին կը մօտենան միայն օգտապաշտ տեսանկիւնէն, պէտք է յիշեցնել որ այսքան երկար ու բարդ պատմութիւն մը ունեցող այս հակամարտութիւնը չեն կրնար լուծել եթէ դուրս ձգեն այդ հակամարտութեան մէջ շատ լայն խարիսխ ունեցող գործօն այն հատուածը որ Սփիւռքահայութիւնն է։ Հայկական հարցը պիտի լուծուի ո՛չ թէ ազգ-պետութիւն հասկացողութեան նեղ եւ այլեւս անօգուտ դարձած շրջանակներուն մէջ, որոնցմէ մէկը, օրինակ, հարցը լուծել է Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ։ Ո՛չ, այս հարցը պիտի լուծուի ամբողջ երկրագունտը ընդգրկող տարածութեան մը վրայ։ Այսօր թէ՛ Թուրքիոյ հայ համայնքէն ներս, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի մէջ կան ողջամիտ շրջանակներ որոնք կ՛ուզեն իրենց նպաստը բերել այս պատմական հակամարտութիւնը լուծելու խնդրին։ Կը բաւէ որ մենք ալ սորվինք այս մարդոց նայիլ առանց կանխակալ կարծիքով, կը բաւէ որ ուզենք զանոնք հասկնալ, կը բաւէ որ իրարու հետ հաղորդակցութիւն հաստատելու համար գտնենք ճիշդ լեզուն ու ճիշդ միջոցառումը։ Անկէ վերջ, ատոր շարունակութիւնը կուգայ ինքնաբերաբար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.