Ս. Մ.
Գեր-գաղտնի տեղեկագիրի մը համաձայն, Հայաստանի նախագահը արդէն զղջացեր է «ֆութպոլի քաղաքականութեան» համար, որ մարզական թէ քաղաքական գետնի վրայ պարտութենէ պարտութիւն կը տանի մեզ՝ ազգովին։ Յանկարծ յիշեր է, որ ինք ճատրակի վարպետ է, Հայաստանի ճատրակի վարպետներն ալ անմրցելի են, հետեւաբար, Թուրքիոյ նախագահին առաջարկեր է վերատեսութեան ենթարկել խաղին օրէնքները եւ «ֆութպոլի քաղաքականութիւնը» փոխարինել «ճատրակի քաղաքականութեամբ»։ Կիւլ պատասխաներ է թրքերէնով. «Հայուն վերջին խելքը ի՜մս ըլլար…»
***
Զուիցերիոյ մէջ, նախարարներ Նալպանտեանի ու Տաւութօղլուի միջեւ համաձայնագիրներու ստորագրումի արարողութեանց պահուն, Շարլ Ազնաւուր ներկայ եղած է «Իլ Սոն Թոմպէ»ն երգելու համար. ծանօթ վէճը պատճառ եղած է, որ անոր առիթ չտրուի…
***
Կարգ մը վերլուծողներ գտեր են պատասխանը այն հանելուկին, որ Հայաստանի նախագահը մղած է որդեգրելու թուրքերուն ամէն բան զիջելու վարքագիծը։ Նախագահը տեսեր է, որ շրջանին մէջ, Միջերկրականի ափերէն մինչեւ Աֆղանիստան ու Փաքիստան, քիչ մըն ալ Հարաւային Ամերիկայի մէջ, շարք մը երկիրներու դրածոյ ղեկավարներ կ՛որդեգրեն այն գիծը, որ իրենց կը թելադրուի Ուաշինկթընէն։ «Ես ինչո՞վ պակաս եմ… Ես ալ կրնամ Օպամային աչքը մտնել», մտածեր է մեր իմաստուն հեռատեսը։
***
10 Հոկտեմբերին ստորագրուած ծանօթ համաձայնագիրներուն լոյսին տակ, կարգ մը երկիրներու մէջ արդէն ծայր առած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ առնելու վարքագիծ մը։ Հայաստանի իշխանութեան իմաստուն ու հեռատես վարիչները, որոնք «ինչ որ դուրսէն կը թելադրուի՝ ճիշդ է ու լաւ է»ի տրամաբանութեան մրցանիշ հաստատելու վրայ են, սկսած են մտածել, որ Հայաստան հոս ալ պէտք է ուրիշները կանխէ ու վերատեսութեան ենթարկէ Ցեղասպանութեան մասին պետութեան քաղաքականութիւնը. կը մտածուի (եղեր) օրէնքի մը մասին, որ Ցեղասպանութեան յիշատակումը արգիլէ Հայաստանի մէջ։ Այս ընթացքը համապատասխան պիտի ըլլայ (եղեր) ինքզինք լռութեան դատապարտելու այն գիծին, զոր Երեւանի «պոս»երը որդեգրած են 10 Հոկտեմբերէն ետք ծայր տուած թուրք-ազերիական զուգերգին դիմաց, հաւատալով, որ այս պարագային ալ լռութիւնը ոսկի է…։