Լոս Անճելըսի հայութեան ուղղուած բաց նամակով մը, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին, Փօլ Գրիգորեանի դէմ մրցող միակ թեկնածուն՝ Քրիսթին Էսըլ շեշտած է, թէ հաստատ կը մնայ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր նկատող իր նախկին կեցուածքին վրայ, հակառակ վերջերս թուրք եւ ատրպէյճանցի գործարարներու հետ ունեցած իր հանդիպումին:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17ին, Քալիֆորնիոյ թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու ներկայացուցիչներ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը կազմակերպած էին նեցուկ կանգնելու համար Էսըլին:
«Փաքս թուրքիքա» անունով խմբակը կազմակերպած էր դրամահաւաքի ձեռնարկը: Խմբակին մաս կը կազմեն թրքական, ատրպէյճանական եւ հրէական կազմակերպութիւններ: Ձեռնարկը տեղի ունեցած էր թուրք միլիոնատէր եւ Լոս Անճելըսի մէջ գրաւեալ Կիպրոսի «հիւպատոս» Մեհմէտ Մայք Մուսթաֆաօղլուի Պէվըրլի Հիլզի բնակարանին մէջ։ Իր գրչէն ելած հրաւէր նամակին մէջ, «Փաքս թուրքիքա»ի հիմնադիր Ճաւիտ Հուսէյնով ըսած է թէ որոշուած է նեցուկ կանգնիլ Էսըլին որովհետեւ ան իր համայնքին շահերը ազգային շահերէն վեր չի դասեր,- նման կեցուածք մը որդեգրելու յանցանքով ամբաստանելով Գրիգորեանը: Ձեռնարկի ընթացքին Գրիգորեան նաեւ քննադատուած է «Խոջալուի ջարդեր»ը Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին կողմէ դատապարտելու թրքական եւ ատրպէյճանական փորձերը ձախողութեան մատնելուն համար:
Էսըլ շնորհակալութիւն յայտնած էր թուրք եւ ատրպէյճանցի համայնքներուն կողմէ իր ընտրապայքարին ցուցաբերուած օժանդակութիւններուն համար: Սակայն իր նամակին մէջ, Էսըլ կը յայտնէ, թէ ձեռնարկին ընթացքին իր ընտրապայքարին ի նպաստ դրամահաւաք տեղի չէ ունեցած, այլ հաւաքը եղած է ծանօթացման առիթ մը:
Նամակը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ մեր համացանցային կայքին վրայ (www.asbarez.com):
Միւս կողմէ, Գրիգորեան, որուն ընտրապայքարին նեցուկ կը կանգնին շարք մը համայնքային ղեկավարներ, ապահոված է աջակցութիւնը Շըրմըն Օքսի բնակարանատէրներու միութեան նախագահ Ռիչըրտ Քլոսին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
is this` like the story of the woolf drest up lamb?