ՌԱՄԱԼԼԱ, «Ռոյթըրզ».»- Պաղեստինցի պաշտօնատարներ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին յայտնեցին, որ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի յայտնած է, որ վերընտրուելու թեկնածու պիտի չներկայանայ, եթէ Իսրայէլ շարունակէ բնակեցման ապօրինի վայրեր կառուցել պաղեստինեան գրաւեալ շրջաններուն մէջ: Նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունուարին:
Պաղեստինցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Ուաշինկթըն ներկայիս պաղեստինցիներուն կոչ կ՛ընէ վերադառնալ անցեալ Դեկտեմբերէն ի վեր առկախուած բանակցութիւններուն, առանց բնակեցման վայրերու կառուցումներու սառեցումը ապահովելու։